Թուրքիա Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ 6 «Էֆ-16»-եր Եւ Օդային Պաշտպանութեան Համակարգեր Զետեղեց75

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ «Էֆ-16» տիպի 6 օդանաւերու եւ պաշտպանութեան օդային համակարգերու բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ տեղակայումը յայտարարեց:

Նախարարութիւնը նշեց, որ անիկա շրջանին մէջ վերջին զարգացումներու լոյսին տակ «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան» անվտանգութիւնը ամրապնդելու փուլային մօտեցումին ծիրին մէջ է:

«Յաւելեալ միջոցառումներու որդեգրումը պիտի շարունակուի յառաջիկայ զարգացումներու լոյսին տակ, եթէ այդ մէկը անհրաժեշտ ըլլայ», աւելցուց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Leave a Comment