«Էն. Պի. Էյ.» Ալեքսանտրի 3 Կէտերը Եւ Չեմպըրլէյնի Մրցանիշը…

Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 3 կէտնոց յաջող կողով մը նշանակեց մրցումի աւարտէն 2,7 երկվայրկեան առաջ, եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 129-126 արդիւնքով յաղթեց Տենվըր Նակեթցին:

Անցեալ տարուան ախոյեան Օքլահոմայի քանատացի աստղը` Կիլճիըս – Ալեքսանտր հաւասարեցաւ պատմական Ուիլթ Չեմպըրլէյնի մրցանիշին` յաջորդական մրցումներու 20 կէտերէն աւելի նշանակելով: «Էս. Ճի. Էյ.» 35 կէտ եւ 15 էսիսթ ձեռք ձգեց` դառնալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 2-րդ մարզիկը, որ այդ մէկը կ՛իրագործէ առանց որեւէ թըրնօվըրի: Ան 3-րդ մասին 20 կէտերու սահմանը կտրեց իր յաջորդական 126-րդ մրցումին` հաւասարելով Չեմպըրլէյնի մրցանիշին, որ վերջինս ձեռք ձգած էր 1961-էն 1963 տարիներուն:

Օքլահոմա 126-122 արդիւնքով յառաջացած էր, երբ Տենվըրի սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ 3 կէտնոց կողով նշանակեց, մինչ Օքլահոմայի Ճէյլըն Ուիլիամս կը պայքարէր Ճամալ Մարէյի հետ (առանց գնդակի): Մարէյ նշանակեց իր վրայ կատարած ֆաուլը 8,5 երկվայրկեան մնացած: «Էս. Ճի. Էյ.»-ի 3 կէտնոց կողովը յաղթանակը նուիրեց Օքլահոմային, որ իր յաջորդական 6-րդ մրցումը յաղթեց իր քանատացի աստղին վերադարձէն ետք: Եոքիչ 32 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ ձեռք ձգեց` իրագործելով տարեշրջանի իր 24-րդ թրիփըլ տապըլը (եւ ասպարէզի 188-րդը):

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ իր 32-րդ յաղթանակը արձանագրեց` 126-118 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Նիւ Եորք Նիքսը: Քուայ Լենըրտ 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիփըրզի, մինչ Քարլ – Անթոնի Թաունզ 35 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիքսի, որ 25-րդ պարտութիւնը կրեց:

Քլիվլենտ Քեվելիրզ 115-101 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզը: Ճէյմս Հարտըն 21 կէտ նշանակեց, մինչ խումբին աստղերը` Տոնավըն Միչել (17 կէտ) եւ Էվըն Մոպլի (15 կէտ) այդքան ալ լաւ ելոյթներ չունեցան Քլիվլենտի հետ: Ֆիլատելֆիայէն կը բացակայէին Ժոել Էմպիիտ, Թայրիս Մեքսի եւ Փոլ Ճորճ:

 

Leave a Comment