Ըստ «Մարքա»-ի` Իրան Կրնայ Պոյքոթի Ենթարկել Մոնտիալը

Սպանական հեղինակաւոր «Մարքա» պարբերականի հաղորդագրութեան, Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբը հաւանաբար պոյքոթի ենթարկէ 2026-ի Մոնտիալը: Այս որոշումը վստահաբար կապուած է Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական լարուածութեան եւ Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու պատերազմական գործողութիւններուն:

Իրավիճակը այս շրջանին մէջ շատ սրած է 28 փետրուարի առաւօտեան ժամերէն, երբ Իսրայէլ «կանխարգելիչ հարուած» հասցուցած է Իրանին: Ժամեր ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր զինուորական մեծ գործողութեան մեկնարկի մասին:

Իբրեւ պատասխան քայլ, Իրան հրթիռային հարուածներ ուղղած է Իսրայէլին եւ շրջանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան ռազմակայաններուն:

Ստեղծուած այս իրավիճակը լրջօրէն կը վտանգէ Իրանի հաւաքականի մասնակցութիւնը մոնտիալին, մանաւանդ որ վիճակաձգութեան արդիւնքներուն համաձայն, Իրանի բոլոր հանդիպումներն ալ նախատեսուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Իրան մաս կը կազմէ 7-րդ խմբակին Պելճիքայի, Եգիպտոսի եւ Նոր Զելանտայի կողքին: 2026-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ այս ամրան` Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի միացեալ հիւրընկալութեամբ:

 

Leave a Comment