Հայկական «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի վեթերան Արայիկ Մարգարեան վաղաժամ յաղթանակ (28-15) տարաւ «Էքզակոն Էմ. Էմ. Էյ. 40» մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, Ֆրանսայի Էքս Ան Փրովանս քաղաքին մէջ: 37 տարեկան մարտիկը երկրորդ ռաունտին խեղդելու հնարքով աւարտեց իտալացի Վալենթինօ Ռիվայի (6-4) դէմ մենամարտը:
Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, Մարգարեան տակաւին յաջող ելոյթ կ՛ունենայ եւ եւրոպական ասպարէզին մէջ ամէնէն փորձառու հայ մարտիկներէն մէկն է:
Արայիկ Մարգարեան 2009-էն ի վեր արհեստավարժ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մրցումներու կը մասնակցի` իր ասպարէզի մեծ մասը անցնելով ֆրանսական լիկաներուն մէջ, ուր ան շահած է ախոյեանութեան տիտղոսներ «100% ֆայթ» եւ «օքթոֆայթ» կազմակերպութիւններուն հետ: