Միացեալ Նահանգներու Արիզոնա նահանգի Թեմփէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «ՌԱՖ 06» ազատ ըմբշամարտի երեկոն:
Կարեւորագոյն մրցումին, Արման Ծառուկեան կրցաւ 5-3 արդիւնքով յաղթել Ճիորճիօ Փուլասին:
Փուլաս մրցումի սկիզբէն դիմած էր հոգեբանական ճնշումի եւ յաճախ սադրիչ խօսքեր կ՛ուղղէր Ծառուկեանին, ապտակ մըն ալ իջեցուց Արմմանի գլխուն. վերջինս անմիջապէս պատախանեց: Երկու մարզիկներն ալ ազդարարութիւններ ստանալէ ետք մրցումը աւելի լրջացաւ:
Ծառուկեան յստակ առաւելութիւն ունէր իր մրցակիցիւն վրայ (5-3): Մրցումի աւարտի սուլիչէն անմիջապէս ետք, Ծառուկեան, որ գետին բերած էր իր մրցակիցը, անոր բռունցքի հարուած մը տուաւ` զայն նաք աութի ենթարկելով, որուն պատճառով երկու մրցակիցներուն խումբերը խուժեցին գորգին վրայ, եւ սկսաւ զանգուածային ծեծկռտուք:
Նշենք, որ 29 տարեկան Ծառուկեանի համար այս երկրորդ ելոյթն է ՌԱՖ-ի լիկայէն: Ան անցեալ 10 յունուարին 10-0 արդիւնքով նաք աութով կրցած էր յաղթել Լենս Փալմըրին: «Ռիլ Ամերիքըն Ռեսթլինկ» (ՌԱՖ) «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի նման խառն մենամարտերու ձեւի ըմբշամարտի ազատ ոճի մրցաշարք մըն է, որուն Ծառուկեան յաճախ կը մասնակցի, երբ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի գծով ելոյթ չունի, պատրաստ ըլլալու համար որեւէ մենամարտի: