Մոնտիալի Զտում. Լիբանան 30 Կէտերու Առաւելութեամբ Յաղթեց Սէուտական Արաբիոյ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը 2027-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներու երկրորդ շաբթուան իր առաջին մրցումին, ուրբաթ գիշեր 94-64 արդիւնքով լայն յաղթանակ տարաւ Սէուտական Արաբիոյ դէմ:

Մրցումին սկիզբէն Ուաէլ Արաքժի, Տետրիք Լոսըն, Եուսեֆ Խայյաթ, Օմար Ժամալետտին եւ Ժիհատ Խաթիպ կրցան զսպել Սէուտական Արաբիոյ չնչին առաւելութիւնը, մրցումի առաջին 2 վայրկեաններուն (2-6)` անգամ մը եւս ետ չմնալով: Անշուշտ հնգեակը շատ անգամ փոխուեցաւ, ուր մասնակցեցան նաեւ Հայկ Կէօքճեան, Ամիր Սէուտ, Մարք Խուրի, Ալի Մըզհեր, Ժերար Հատիտեան եւ մինչեւ իսկ Լուքաս Սալեհ, որ իր առաջին ելոյթը ունեցաւ ազգային խումբի շապիկով: Մարզիչ Ահմետ Ֆարրանի ընտրած 12 մարզիկներէն միայն Սերժիօ Տարուիշ չմասնակցեցաւ` շատ հաւանաբար թեթեւօրէն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով Սերպիոյ մէջ բարեկամական փորձ մրցումներուն ժամանակ:

Սկզբունքով այսօր Լիբանան պիտի հիւրընկալէր Հնդկաստան, սակայն օդակայանի փակ ըլլալուն պատճառով յետաձգուեցաւ մրցումը:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին մանրամասնութիւններուն, Ուաէլ Արաքժի Տետրիք Լոսընի հետ շատ բարձր մակարդակի մրցում ունեցաւ: Ուաէլ 18 կէտ նշանակեց 26 վայրկեաններու ընթացքին, մինչ Լոսըն 17 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց 24 վայրկեաններու ընթացքին:

10-է աւելի կէտեր նշանակեցին նաեւ Ժիհատ Խաթիպ (12) եւ Եուսեֆ Խայյաթ, որ 10 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգեց:

Մրցումին ազդու մարզիկներէն էր նաեւ Հայկ Կէօքճեան, որ 4 կէտ նշանակելուն կողքին 6 ռիպունտ եւ 4 պլոք կատարեց:

Սէուտական Արաբիոյ լաւագոյն մարզիկն էր Մոհամետ Ալի Ապտուլ Ռահման, որ 20 կէտեր նշանակեց (4 յաջող 3 կէտնոց կողովներով):

Այս յաղթանակով Լիբանան բարձրացաւ առաջին դիրք` կէտերով հաւասարելով Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ (5-ական կէտ), մինչ Հնդկաստան իր 3 մրցումներուն ալ պարտուած է:

Առաջին խմբակին մէջ Աւստրալիա իր 3 մրցումներուն ալ յաղթած է եւ կը գրաւէ առաջին դիրքը, մինչ Ճափոն եւ Քորէա 5-ական կէտեր ունին Բ. խմբակին մէջ: Գ. խմբակի պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Յորդանան, որ իր 3 մրցումներուն ալ յաղթած է:

Leave a Comment