Իրանի Վրայ Ամերիկեան-Իսրայէլեան Յարձակում. Խամենէի Եւ Շարք Մը Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներ Սպաննուեցան

Իսրայէլեան օդուժը շաբաթ առաւօտեան յարձակում շղթայազերծեց Իրանի դէմ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, հաղորդեց. «Իսրայէլ Իրանի վրայ կանխարգելիչ յարձակում գործեց»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իրանի դէմ «Առիւծի մռնչիւն» գործողութեան շղթայազերծումը յայտարարեց` նշելով. «Միացեալ Նահանգներու հետ իրանեան վարչակազմին ներկայացուցած գոյութենական վտանգի վերացման գործողութեան ձեռնարկեցինք»:

«Իրանի ահաբեկչական վարչակարգը պէտք չէ հիւլէական զէնքով զինուի եւ ամբողջ մարդկութեան սպառնալու կարող դառնայ», աւելցուց ան:

«Միացեալ գործողութիւնը քաջարի իրանցի ժողովուրդին համար պայմաններ պիտի ապահովէ իր ճակատագիրը իր ձեռքը առնելու», նշեց Նեթանիահու:

«Իրանցի ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչ մասերուն համար ժամանակն է ձերբազատուելու բռնատիրութենէն եւ ազատ ու խաղաղասէր Իրան մը ստեղծելու», աւելցուց Իսրայէլի վարչապետը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին յայտարարեց. «Քիչ առաջ Իրանի մէջ մարտական լայնածաւալ գործողութեան մը սկսանք»: Ան նաեւ նշեց. «Մեր նպատակը իրանեան վարչակարգէն եկող մօտալուտ սպառնալիքները վերացնելու ճամբով ամերիկացի ժողովուրդը պաշտպանելն է»:

«Իրան չի կրնար հիւլէական զէնք ունենալ», շեշտեց ան:

«Պիտի քանդենք Իրանի հրթիռները, վերջ տանք անոր հրթիռային ծրագիրին, պիտի բնաջնջենք անոնց ծովուժի նաւատորմիղը եւ վստահ ըլլանք, որ Իրան հիւլէական զէնք պիտի չունենայ», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Յեղափոխական պահակագունդի, զինեալ ուժերու եւ ոստիկանութեան անդամները ամբողջական անձեռնմխելիութիւն պիտի ունենան, եթէ իրենց զէնքերը վար դնեն, այլապէս պիտի կանգնին մահուան դէմ յանդիման», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ ցուցանիշեր ունէին, թէ Իրան մտադիր էր կանխարգելիչ արարքի դիմելու, եւ Թրամփ որոշեց այդ մէկը չարտօնել:

Ան նաեւ նշեց, որ Իրան բանակցութիւններու ընթացքին մերժած է թեւաւոր հրթիռներու հարցին անդրադառնալ` աւելցնելով. «Իրանեան կողմին մօտ իսկական համաձայնութեան հասնելու նկատմամբ լրջութիւն չկար»:

«Իրանին առաջարկեցինք յաւիտեանս ձրի հիւլէական վառելանիւթ մատակարարել, սակայն ան իւրանիոմի հարստացման կարողութիւն ունենալուն վրայ պնդեց», ըսաւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը:

Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկ նշեց. «Կը յուսամ, որ Իրանի հետ ճակատումը ամբողջ Միջին Արեւելքի, ներառեալ Իրանի համար նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբին յանգեցնէ»:

Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թեհրանի հիւսիսին եւ արեւելքին մէջ պայթումի ձայներ լսուած են: Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին նշեց. «Իսրայէլեան-ամերիկեան միացեալ յարձակումին վրայ ամիսներէ ի վեր կ՛աշխատինք»:

Իրանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Թեհրանի հարաւը գտնուող շարք մը նախարարութիւններ թիրախաւորուեցան»:

Իրանցի պաշտօնատար մը նաեւ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրան կը պատրաստուի հակադարձելու, եւ այդ հակադարձութիւնը զգետնող պիտի ըլլայ»: Իրան իր կարգին «Անկեղծ խոստում 4» գործողութեան շղթայազերծումը յայտարարեց:

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Ազիզի յայտնեց. «Սկսած է հոլովոյթ մը, որուն աւարտը ձեր ձեռքը պիտի չըլլայ»:

Աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց. «Իրանեան վարչակարգի բոլոր պաշտօնատարները յարձակումին թիրախներ են»: Զինուորական աղբիւր մը իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին հաղորդեց, որ Իրանի վրայ կատարուած առաջին օդային յարձակումները թիրախաւորած են բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները:

Պատերազմական գործողութիւններու սկզբնաւորութեան «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին Թեհրան չի գտնուիր եւ այլուր տեղափոխուած է: Իրանի նախագահական պալատէն լաւատեղեակ աղբիւր մը իրանեան ԻՐՆԱ պետական լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան ողջ առողջ է:

Շաբաթ կէսօրէ ետք, երեք աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, թէ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով սպաննուած են Իրանի պաշտպանութեան նախարարն ու Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարը: Իսրայէլեան աղբիւր մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Խամենէիի սպանութեան մասին մեր գնահատումները հետզհետէ կը շատնան»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը նշեց. «Իսրայէլեան-ամերիկեան առաջին հարուածի թիրախը 30 իրանցի պաշտօնատարներ էին»: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց. «Մէկ վայրկեանի ընթացքին Իրանի մէջ 40 բարձրաստիճան հրամանատար վնասազերծուեցաւ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի, մեկնաբանելով այդ լուրերը, նշեց. «Գրեթէ մեր բոլոր պաշտօնատարները ողջ են: Թերեւս կարգ մը ղեկավարներ կորսնցուցինք, սակայն ատիկա մեծ խնդիր չէ»:

«Պատրաստ ենք գոյացնելու համաձայնութիւն մը, որ պատժամիջոցներու վերացումն ու հիւլէական ծրագիրի խաղաղ բնոյթը կը ներառէ», աւելցուց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, սակայն, գիշերը յայտարարեց. «Խամենէին այլեւս չկայ, եւ Յեղափոխական պահակագունդի ղեկավարները սպաննեցինք»:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մըն ալ «Ռոյթըրզ»-ին ըսաւ. «Խամենէին մեռաւ, եւ կարելի եղաւ անոր դիակը գտնել»:

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը կիրակի առաւօտեան հաստատեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի մահը: Պատկերասփիւռի կայանը նաեւ նշեց, որ սպաննուած են Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետն ու պաշտպանութեան նախարարը, ինչպէս նաեւ Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Մոհամետ Փաքփուրն ու Խամենէիի խորհրդական Ալի Շամխանին:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան քարտուղար Ալի Լարիժանի նշեց. «Սահմանադրութեան համաձայն, ժամանակաւոր ղեկավար խորհուրդ պիտի կազմուի, մինչեւ Խամենէիի յաջորդի ընտրութիւնը»:

«Ամերիկայի եւ Իսրայէլի սիրտը պիտի այրենք, ինչպէս գերագոյն հոգեւոր պետին վրայ մեր սրտերը այրեցան», յայտարարեց Լարիժանի:

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէիի ահաբեկման ոճիրին վրէժը լուծելը մեր օրինական պարտականութիւնն ու իրաւունքն է»:

«Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ահաբեկումը պատերազմի յստակ յայտարարութիւն է աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ իսլամներուն, մասնաւորաբար շիիներուն դէմ», յայտարարեց Փեզեշքիան:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւն հաղորդեց, որ «կրօնական հեղինակութիւն շէյխ Նասեր Մաքարեմ Շիրազի Ամերիկայի եւ Իսրայէլի դէմ սրբազան պատերազմ մղելու կրօնական հրամանագիր հրապարակեց»:

Իրանի պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ շէյխ Ռեզա Ահրաֆի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի, արդարադատական իշխանութեան նախագահ Ղուլամ Հուսէյն Մուհսինի Իժըիի կողքին ղեկավար խորհուրդի ժամանակաւոր անդամ ընտրուած է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ երեկոյեան «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց, թէ իր երկիրը Իրանի մէջ մնացած թիրախներուն թիւը գիտէ: Ան նշեց. «Հարցերը արագ կ՛ընթանան, եւ ոչ ոք կը հաւատայ այն յաջողութեան, որ կ՛արձանագրենք: Մէկ հարուածով 48 ղեկավարներ ոչնչացուեցան: Հարցերը արագ կ՛ընթանան»:

Իրան անցեալ երկու օրերուն ընթացքին թիրախաւորեց Քաթարի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ամերիկեան ռազմակայանները, ինչպէս նաեւ Իսրայէլը: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդեց, որ թիրախաւորած է «Էմ.Էս.Թի.» տիպի մարտական աջակցութեան նաւ մը: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը նախքան այդ հաղորդեց, որ Քաթարի մէջ ռազմավարական «Էֆ.Փի. 132» ռատարը, որուն հասողութիւնը 5000 քիլոմեթր է, ամբողջովին քանդուած է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումները ազդու էին եւ կրնան դիւանագիտական երկխօսութեան ուղղութեամբ ճամբան հարթել»:

«Իրանի հետ դիւանագիտական լուծումի հասնիլը հիմա երէկուընէ աւելի դիւրին է, որովհետեւ ան ջախջախիչ պարտութեան կը մատնուի», նշեց Թրամփ:

«Շաբաթ օրուան հարուածները աշխարհի համար մեծ իրադարձութիւն մը կը ներկայացնեն», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Հարուածները մինչեւ հիմա մեր նախատեսածէն քիչ են»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելի ուշ ալ նշեց. «Իրան քիչ առաջ յայտարարեց, թէ այսօր չափազանց հզօր հարուածներ պիտի հասցնէ. աւելի լաւ է այդ մէկը չընէ: Եթէ Իրան այդ մէկը կատարէ, զայն աննախադէպ ուժով պիտի հարուածենք»:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը երէկ յայտարարեց. «Երկու հրթիռներ արձակուեցան Կիպրոսի ուղղութեամբ, ուր բրիտանական ուժերու հազարաւոր զինուորներ տեղակայուած են»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Ծոցի մէջ մեր դրացի երկիրներուն վրայ յարձակում չենք գործեր, այլ` յարձակում կը գործենք այդ պետութիւններուն մէջ ամերիկեան ներկայութեան վրայ»` աւելցնելով. «Ինքնապաշտպանութեան մէջ մեր առջեւ սահմաններ չկան»:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի իր կարգին յայտնեց. «Շրջանի պետութիւններուն կ՛ըսեմ` մենք ձեր վրայ յարձակում չենք գործեր, սակայն երբ Ամերիկան այդտեղ գտնուող ռազմակայանները կ՛օգտագործէ, զանոնք պիտի թիրախաւորենք»:

Միջազգային Արաբական Երկիրներու Արձագանգներ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ յայտարարեց. «Իսրայէլի, Յորդանանի եւ Ծոցի երկիրներուն դէմ իրանեան լայնածաւալ յարձակումները անարդարանալի են»` աւելցնելով. «Զանոնք կտրուկ կերպով կը դատապարտենք»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց. «Այն տրամաբանութիւնը, որուն մասին Իրան կը խօսի, մերժելի է եւ վատառողջ»:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի խորհրդական Անուար Քըրքաշ խօսքը Իրանին ուղղելով յայտնեց. «Ձեր պատերազմը ձեր դրացիներուն հետ չէ»:

«Ծոցի երկիրներուն վրայ իրանեան յարձակումը հասցէն սխալեցաւ եւ Իրանը մեկուսացուց», նշեց ան:

Յորդանանի կառավարութեան բանբերը յայտարարեց. «Յորդանանը շրջանային որեւէ մագլցումի մասնակից պիտի չըլլայ»:

«Յորդանանը շրջանին մէջ հակամարտութեան մասնակից չէ, եւ իր գերիշխանութեան ոտնահարումը պիտի չարտօնէ», շեշտեց ան:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց իր հողերուն իրանեան հրթիռներով թիրախաւորումը` զայն նկատելով իր գերիշխանութեան բացայայտ ոտնահարում:

«Քաթար միջազգային օրէնքին համահունչ եւ յարձակումին բնոյթին պատշաճող կերպով ինքնիրեն կը վերապահէ իր հողերու թիրախաւորման հակադարձելու իրաւունքը», յայտարարեց կառավարութիւնը` աւելցնելով. «Քաթարեան հողերու թիրախաւորումը չի համապատասխաներ բարի դրացնութեան սկզբունքին եւ զայն որեւէ արդարացումով կամ պատրուակով կարելի չէ ընդունիլ»: Քաթար դատապարտեց նաեւ Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի եւ Պահրէյնի գերիշխանութեան ոտնահարումը եւ կոչ ուղղեց անմիջապէս դադրեցնելու որեւէ մագլցողական արարք, վերադառնալու երկխօսութեան սեղան եւ իմաստուն ու խելօք հռետորաբանութիւնը գերակայ դարձնելու:

Եգիպտոս մեծ մտահոգութիւն յայտնեց շրջանին մէջ զինուորական մագլցումին նկատմամբ` զգուշացնելով «հակամարտութեան ծիրի ընդլայնման վտանգներէն եւ շրջանային ու միջազգային անվտանգութեան ու կայունութեան վրայ անոր հետեւանքներէն»:

«Զինուորական լուծումները միայն յաւելեալ բռնարարքներու պիտի յանգեցնեն», նշեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` շեշտելով. «Քաղաքական ու դիւանագիտական ուղին տագնապը վերահսկողութեան տակ առնելու միակ ուղին է»:

Եգիպտոս նաեւ դատապարտեց «արաբական եղբայրական պետութիւններու հողերու թիրախաւորումը, որ մեծապէս կը վտանգէ արաբական պետութիւններու եւ ամբողջ շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւն», եւ կոչ ուղղեց` «յարգելու գերիշխանութիւնը եւ ինքնազսպում ցուցաբերելու` խուսափելու համար ճակատումի ընդլայնումէն»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ թագաւորութիւնը անհրաժեշտ բոլոր քայլերը, ներառեալ «իրանեան յարձակումին» հակադարձելու ընտրանքը պիտի որդեգրէ` իր անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար:

«Բուռն կերպով կը մերժենք ու կը դատապարտենք իրանեան բացայայտ ու երկչոտ յարձակումները, որոնք թիրախաւորեցին Ռիատի շրջանն ու արեւելեան շրջանները», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ սէուտական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են յարձակումներուն, «որոնք կարելի չէ որեւէ պարտուակով արդարացնել»:

Հաղորդագրութիւնը շեշտեց, թէ թագաւորութիւնը պիտի որդեգրէ իր հողերը պաշտպանելու եւ քաղաքացիներուն ու իր հողերուն վրայ բնակողներուն անվտանգութիւնը ապահովելու միջոցառումները` ընդգծելով, որ յարձակումին հակադարձելու ընտրանքը կը մնայ սեղանի վրայ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց, որ յարձակումները տեղի ունեցան հակառակ Ռիատի կողմի Թեհրանին տրուած հաւաստիացումներուն, թէ իր օդային տարածքին կամ հողերուն Իրանի դէմ որեւէ գործողութեան համար օգտագործումը պիտի չարտօնէ:

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսահիտի յայտնեց. «Հիասթափուած կը զգամ, որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ աշխուժ եւ լուրջ բանակցութիւնները անգամ մը եւս ականահարուեցան»` աւելցնելով. «Այս քայլը Միացեալ Նահանգներու շահերուն եւ համաշխարհային խաղաղութեան չեն ծառայեր»:

«Միացեալ Նահանգները կը յորդորեն այս պատերազմին մէջ աւելի չներքաշուելու, որովհետեւ անիկա ձեր պատերազմը չէ», նշեց օմանեան դիւանագիտութեան պետը:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Կը ցաւինք զինուորական գործողութիւններուն համար, որ Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները կը շղթայազերծեն Իրանի դէմ եւ կը զգուշացնենք հակամարտութեան ծիրի ընդլայնման վտանգի շրջանին մէջ ունենալիք հետեւանքներէն»:

«Օմանը Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ շտապ ժողով գումարելու` զինադադար պարտադրելու համար, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ միջազգային օրէնքին աջակցող յստակ դիրքորոշումներու որդեգրման համար», նշեց նախարարութիւնը:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ ընդգծեց. «Օմանը կ՛աջակցի պետութիւններուն միջազգային օրէնքին համահունչ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին, սակայն նոյն ատեն կոչ կ՛ուղղէ` ինքնազսպումի եւ դիւանագիտական լուծումներուն կառչած մնալու»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Տի Աթլանթիք»-ին յայտնեց. «Իրանի նոր ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ երկխօսութիւն կատարել: Ես համաձայն գտնուեցայ, եւ անոնց հետ պիտի խօսիմ»:

 

Leave a Comment