Ժընեւի Մէջ Քննարկուած Է Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Խնդիրի Հասցէագրման Անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Աբիսողոմեան եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի փոխնախագահ Ժիլ Քարպոնիէ Ժընեւի մէջ քննարկած են Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու խնդիրի հասցէագրման անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն:

Շեշտուած է նաեւ անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրներու պարզաբանման եւ բռնի անհետացումներու դէպքերու բացայայտման անհրաժեշտութիւնը:

 

Leave a Comment