Խալիլ. «Զարմանալի Կը Նկատեմ Վարչապետին Այն Խօսքը, Թէ 16-րդ Ընտրաշրջանի Առկախումը Արտերկրի Լիբանանցիներուն Կ՛արտօնէ 128 Երեսփոխաններու Քուէարկել»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, խորհրդարանի նախագահի քաղաքական խորհրդատու Ալի Հասան Խալիլ նշեց, որ զարմանալի կը նկատէ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ընտրական օրէնքին վերաբերեալ խօսքը, մասնաւորաբար ըսելը, թէ 16-րդ ընտրաշրջանի առկախումը արտերկրի լիբանանցիներուն կ՛արտօնէ 128 երեսփոխաններու քուէարկել:

«Վարչապետի պաշտօնը վարողը, մանաւանդ ան, որ արդարադատական ենթահող ունի, պէտք է աւելի նախանձախնդիր ըլլայ գործող օրէնքներու յարգումին նկատմամբ, եւ ոչ թէ զանոնք քաղաքական մեկնաբանութեան ենթարկէ», նշեց Խալիլ:

«Օրէնքը յայտարարութեամբ չ՛առկախուիր, մեկնաբանութեամբ չի բարեփոխուիր, ոչ ալ անոր վճիռները քաղաքական կամքով կը փոխուին: Իրաւական բովանդակութեան գործօն ըլլալը կը դադրեցուի եւ կը փոխուի միայն սահմանադրական սկզբունքներուն համաձայն հրապարակուող այլ օրէնքի մը ճամբով, եւ ատոր հակասող որեւէ մեկնաբանութիւն կը հակասէ օրինականութեան սկզբունքին», յայտնեց երեսփոխանը:

 

Leave a Comment