Պասքեթպոլ. Այսօր` Սփորթինկ Պքեննայա – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին գծով, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մրցի Սփորթինկ Պքեննայայի դէմ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ: Այս դաշտը կը նկատուի նաեւ մրցակիցին դաշտը` նկատի ունենալով, որ երկու խումբերն ալ կ՛օգտագործեն զայն:

Մրցակից խումբը միջակ խումբ մըն է, որ մեծ մասամբ կը վստահի օտար մարզիկներուն, որոնցմէ ընդհանրապէս Ամինաթա Լի եւ իֆի Օքորօ կ՛ըլլան աստղերը: Լի սենթըր է եւ միջին հաշուով 16-17 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէ իւրաքանչիւր մրցումի, մինչ Օքորօ միջին հաշուով 19 կէտեր կը նշանակէ: Լիբանանցի կարտեր Սանտրա Պետտաուի լաւ էսիսթներ կու տայ օտար մարզիկներուն, մինչ Էլսի Ղնաթիոս 3 կէտերու մէջ բաւական լաւ մարզիկ մըն է:

Երթին ՀՄԸՄ 77-55 արդիւնքով կրցած էր յաղթել: Մրցակից խումբին միակ զօրաւոր դիրքը կը նկատուի ռիպաունտը: 193 սմ սենեկալցի սենթըր Լի բաւական գլխու ցաւ կրնայ պատճառել: Օքորօ 183 սմ հասակ ունի եւ Նիկերիոյ ազգային խումբին մաս կը կազմէ, իր կարգին 19 կէտերու կողքին 9 ռիպաունտ ձեռք կը բերէ իւրաքանչիւր մրցումի:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր վերջին մրցումին փաստեց, թէ 1-2 մարզիկներու չի վստահիր, եւ բոլորն ալ իրենց կարգին կրնան հերոսանալ եւ մրցումներ ու ինչու չէ ախոյեանութիւններ շահիլ:

 

 

Leave a Comment