Վաղը յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը, Գ. դասակարգի 11-րդ հանգրուանին գծով պիտի հիւրընկալէ Հարաքեթ Շապապը:
Երթին, Թրիփոլիի մէջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Հարաքեթ Շապապը, եւ վաղը 3 կէտերու համար պիտի պայքարի միայն կեդրոնանալով այս մրցումին վրայ:
Հակառակ մրցակիցին գրաւած դիրքին (8-րդ եւ վերջին), պէտք է լուրջ, կեդրոնացած ֆութպոլ խաղալ:
Անցեալ մրցումը պէտք է մոռնալ, հակառակ անոր որ ֆետերասիոնն ալ քիչ մը չափազանց ծանր ձեւով պատժեց Սլէյման Աքիլը (6 ամիս) եւ խումբի պատասխանատուներէն եւ նախկին մարզիկ Հասան Սարհանը (Տունկա), որ պատժուեցաւ 1 տարիով:
Տղոց կը մնայ պայքարիլ 3 կէտեր ձեռք ձգելու, որովհետեւ այլեւս հաշիւներ պէտք չունինք ընելու: Մենք պէտք է յաղթենք մեր մնացեալ 4 մրցումներուն` շահելով առաւելագոյն 12 կէտերը, եւ յետոյ նայիլ, թէ որ դիրքին վրայ պիտի աւարտենք:
Թուաբանական հաշիւներով ամէն ինչ կրնայ ըլլալ: Համակիրներէն կը սպասուի պատճառաբանութիւններ չգտնել եւ շաբաթ օրով ներկայ ըլլալ Սաֆայի դաշտը` քաջալերելու համար տղաքը, որոնք կարիքը ունին արագ ձեւով վերադառնալու յաղթանակի ճամբայ եւ իրենց ինքնավստահութիւնը վերականգնելու: