Պասքեթպոլ. Այսօր` Լիբանան – Սէուտական Արաբիա

Այսօր երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Ճիւնիի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը պիտի մրցի Սէուտական Արաբիոյ դէմ, 2027-ի աշխարհի ախոյեանութեան (Քաթարի մէջ) զտումի մրցումներուն գծով իր 3-րդ մրցումին:

Իր առաջին երկու մրցումներուն` անցեալ նոյեմբերին, Լիբանան մրցած էր երկու անգամ Քաթարի դէմ առաջին մրցումին յաղթելով (75-74) անոր դաշտին վրայ, իսկ երկրորդ մրցումին պարտուելով (83-86) Լիբանանի մէջ նոյնինքն Քաթարէն:

Այսօր խումբը լաւ վիճակի մէջ կը թուի ըլլալ, մանաւանդ որ խումբը մարզական հաւաք կատարած էր Սերպիոյ մէջ, ուր մրցումներ ալ կատարած էր Թամիսի (87-75) եւ Հերցեկովաց (76-69) խումբերուն դէմ եւ յաղթանակներ արձանագրած: Հակառակ անոր որ Ռիատիի մարզիկներէն Ալի Մանսուր ձեռքէն վիրաւորուած է եւ կրնայ բացակայիլ, այսուհանդերձ Սէուտական Արաբիան այնքան ալ դժուար մրցակից մը չի թուիր ըլլալ, եւ վստահաբար արդէն 12 մարզիկներն ալ բարձր մակարդակ ունին:

Երկուշաբթի օր, նոյն դաշտին վրայ, Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Հնդկաստանը:

Սէուտական Արաբիա, որ Հնդկաստանի հետ կատարած իր նախկին երկու մրցումները յաղթանակով աւարտած էր, 2010-էն ի վեր երեք անգամ մրցած է Լիբանանի դէմ եւ բոլոր մրցումներուն ալ հանգիստ… պարտութիւններ կրած Լիբանանէն: Վերջին ելոյթին, նոյն դաշտին վրայ Լիբանան 90-60 արդիւնքով յաղթած էր (2022-ին): Այդ մրցումէն 9 մարզիկներ տակաւին ներկայ են եւ պէտք է նոյն ձեւով հանգիստ յաղթանակ արձանագրեն:

Ստորեւ` խմբակին դասաւորումը այս մրցումէն առաջ.

ԿԷՏ
1.- Սէուտական Արաբիա 4
2.- Քաթար 3
3.- Լիբանան 3
4.- Հնդկաստան 2

Նշենք, որ իրենց 6 մրցումները կատարելէ ետք, առաջին 3 դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի հասնին Բ. հանգրուան:

4 խմբակներէն 12 խումբեր պիտի հասնին Բ. հանգրուան, ուր 8 խումբեր պիտի զտուին` մասնակցելու 2027-ի Մոնտիալին, Քաթարի մէջ, օգոստոսին:

 

Leave a Comment