Ազրպէյճան Պիտի Չմասնակցի Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի Վեհաժողովին

Ազրպէյճան պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ գումարուելիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

Ան ըսած է, որ Հայաստանի մէջ կայանալիք վեհաժողովին Ազրպէյճանի տարբեր մակարդակով մասնակցութիւնը նախատեսուած չէ:

Պայրամով նշած է, որ երկրի նախագահ «Իլհամ Ալիեւի` մայիսի խիստ եւ յագեցած օրակարգին վրայ նման այցելութիւն նախատեսուած չէ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հոկտեմբերին յայտնած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները հրաւիրած են Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 4 մայիսին, Երեւանի մէջ:

 

Leave a Comment