Փաշինեան. «Ռուսական Ռազմակայանին Առնչուած Որեւէ Ծրագիր Կամ Մտահոգութիւն Չունինք, Մենք Ռուսիոյ Հետ Սերտ Գործընկերներ Ենք»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լեհաստանի մէջ դիւանագէտներու եւ վերլուծաբաններու հետ հանդիպումի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Երեւանը ռուսական բանակի 102-րդ ռազմակայանը Հայաստանի Հանրապետութենէն հեռացնելու հարցով դիմա՞ծ է Մոսկուային, յայտարարեց. «Մենք որեւէ ծրագիր կամ մտահոգութիւն չունինք 102-րդ ռուսական ռազմակայանին առնչուած: Մենք Ռուսիոյ հետ սերտ գործընկերային յարաբերութիւններ ունինք, հաստատուած են տնտեսական եւ քաղաքական կապեր»:

«Մինչեւ 2024 թուականը սահմանային անցակէտերու մեծ մասը կը գտնուէին Ռուսիոյ հսկողութեան տակ, կամ այնտեղ կար ռուս սահմանապահներու ներկայութիւնը, օրինակ` մեր միջազգային օդակայանին մէջ, սակայն ներկայիս բոլոր սահմանային անցակէտերը կը վերահսկուին Հայաստանի սահմանապահներուն կողմէ:

«Բնականաբար, մենք շնորհակալ ենք Ռուսիոյ այնտեղ ներկայութեան համար, իբրեւ նորանկախ պետութիւն 90-ականներու սկզբնաւորութեան մենք կարողութիւն չունէինք այդ տեսակի ծառայութիւն մատուցելու, սակայն մենք ներկայիս կրնանք եւ կը զարգացնենք մեր կարողութիւնները», աւելցուց ան:

Փաշինեան յատուկ ընդգծեց Ռուսիոյ եւ անձամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վճռորոշ դերը 2020-ի պատերազմին Ազրպէյճանի հետ զինադադարի հաստատման հարցին մէջ: «Յետոյ եղան փաստաթուղթի տարամեկնաբանութիւններ, ուստի անիկա վերածուեցաւ հռչակագիրի, որ ընդունեցինք Միացեալ Նահանգներու մէջ», նշեց ան:

«Մենք ներկայիս նոր յարաբերութիւններ կը ձեւաւորենք Ռուսիոյ հետ», նշեց ան:

«Մենք վճռական ենք եւ պիտի ուզէինք զարգացնել Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները, սակայն այդ յարաբերութիւնները կը փոխուին տարբեր գործօններու պատճառով», ըսաւ Փաշինեան:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը նշեց. «Յոյս ունինք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ իրական փոփոխութիւններ տեսնել»:

Leave a Comment