Բռնցքամարտ. Ազատ Յովհաննիսեան Միացաւ «Զուֆա Պոքսինկ»-ին

Ազատ Յովհաննիսեան պայմանագիր կնքեց «Զուֆա Պոքսինկ» միութեան հետ` դառնալով առաջին հայ բռնցքամարտիկը այդ միութեան:

«Տանա Ուայթի «Եու. Էֆ. Սի.»-ի հետ վերջերս հանդէս եկած Յովհաննիսեան մաս կազմեց 49 այլ բռնցքամարտիկներու, որոնք պաշտօնապէս պայմանագրութիւն կնքեցին «Զուֆա պոքսինկ»-ի հետ:

37 տարեկան Յովհաննիսեան այս ձեւով կարելիութիւն պիտի ունենայ անգամ մը եւս միջազգային ասպարէզ մուտք գործելու:

Իր վերջին մենամարտին, Ազատ Յովհաննիսեան տպաւորիչ յաղթանակ տարած էր (իր 22-րդը 28 մրցումներու ընթացքին) խոստմնալից ղազախ Այտոս Մետեթի դէմ, որ իր նախկին 13 մրցումներուն ալ յաղթած էր: Այս յաղթանակով ան համակիրներու, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչներուն ուշադրութիւնը գրաւեց:

Նշենք, որ անոր մենամարտը Լուիս Ներիի դէմ ճանչցուած էր իբրեւ 2023-ի լաւագոյն մենամարտ: Այդ ժամանակ Յովհաննիսեան պարտուած էր սուր պայքարէ ետք: Այդ պարտութենէն ետք 2 այլ պարտութիւններ կրեց ան, բայց այս անյաջող ելոյթներէն ետք ան գեղեցիկ յաղթանակով (Մետեթի դէմ) փակած էր այդ էջը:

«Զուֆա պոքսինկ»-ի 4-րդ մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 8 մարտին:

 

Leave a Comment