Իտալիոյ ֆութպոլի մակարդակին մասին վերջին տարիներուն բազմաթիւ հարցազրոյցներու ընթացքին կ՛արտայայտուէին հին մասնագէտ մարզիչներ Արիկօ Սաքիի եւ Ֆապիօ Քափելլոյի նման, բայց շատեր զանոնք կը քննադատէին ըսելով, թէ Ինթեր հասած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական (2025-ին), իսկ Աթալանթա շահած էր «Եուրոփա լիկ»-ը (2024-ին):
Երեքշաբթի գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/16-րդ հանգրուանի իր դարձի մրցումին Ինթեր Միլան, որ «Սերի Ա.»-ի պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ, 10 կէտերու տարբերութեամբ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Նորվեկիոյ ախոյեան Պոտօ Կլիմթէն եւ դուրս մնաց:
Ինթեր Միլան լաւ խաղցաւ, բայց կոլ չկրցաւ նշանակել, մանաւանդ առանց խմբապետ Լաութարօ Մարթինեսի եւ Հաքան Չալհանօղլուի, մինչ վեթերան Հենրիխ Մխիթարեան նոյնիսկ դաշտ չներկայացաւ:
Երթին 3-1 արդիւնքով պարտուած Ինթեր 2-1 արդիւնքով պարտութիւն եւս կրեց եւ ամօթալի ձեւով դուրս մնաց:
Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ երթին 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Պելճիքայի Պրիւժ խումբին դէմ մրցումին, Սպանիոյ մէջ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց եւ հասաւ 1/8-րդ հանգրուան:
Նորվեկիացի Ալեքսանտր Սորլոթ (3) եւ Ճոնի Քարտոսօ նշանակեցին Մատրիտի ակումբին կոլերը, մինչ էքուատորցի Ժոել Օրտոնեզ նշանակած էր Պրիւժի հաւասարութեան կոլը առաջին կիսախաղին:
Անգլիոյ Նիւքեսըլը, որ երթի մեծ արդիւնքէն (6-1) օգտուելով արդէն իսկ մէկ ոտքը դրած էր 1/8-րդ հանգրուան, կրցաւ իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով յաղթել Ազրպէյճանի Քարապաղ խումբին: Թոնալի, Ճոելինթոն եւ Պորման նշանակեցին Նիւքեսըլի կոլերը:
Օրուան վերջին մրցումին Պայեր Լեւերքուզըն բաւական «անհամ» մրցումէ ետք առանց կոլերու աւարտեց Օլիմփիաքոսի դէմ իր մրցումը: Երթին, Յունաստանի մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք, Լեւերքուզըն մրցումին վրայ իշխեց եւ իր ուզած ձեւով կրցաւ խաղալ` առիթ չտալով Օլիմփիաքոսին, որ մտնէ մրցումի մթնոլորտին մէջ: