Վերջերս Սանտըրլենտ ակումբի 21 տարեկանէն վար խումբի գլխաւոր մարզիչ Մեթ Կրեթոք մեկնաբանած էր Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի 18 տարեկան յառաջապահ Ֆին Կերակուսեանի խաղարկութիւնը` Էվըրթընի 21 տարեկանէն վար խումբին դէմ:
Հանդիպումը աւարտած էր Սանտըրլենտի 2-1 արդիւնքով յաղթանակով, իսկ Կերակուսեան դարձած էր հանդիպումի գլխաւոր հերոսը: Ֆին վաստկած էր փենալթի մը եւ ինք նշանակած յաղթանակի կոլը: Բացի այս բոլորէն, անոր 10-րդ կոլն էր տարեշրջանի եւ երրորդ յաջորդական մրցումին:
«Ան կոլ նշանակեց, եւ ինչպէս գիտենք, անոր զօրաւոր կէտերէն մէկն է նշանակելը: Ան հիանալի ձեւով կը շարժէր առանց գնդակի: Երկրորդ խաղակէսին ան 60 մեթր վազեց գնդակին վերատիրանալու համար, ապա 60 մեթր հակառակ ուղղութեամբ` փորձելով ստեղծել յարձակումի կարելիութիւն: Մենք շատ գոհ ենք իրմէ եւ միւս տղոցմէ նաեւ», նշեց մարզիչը:
Կերակուսեան, որ տարիքի բերումով երբեմն կը մասնակցի Սանտըրլենտի 18 տարեկանէն վար խումբին հետ ալ, երեքշաբթի, օր ելոյթ ունեցաւ Պրայթընի դէմ եւ տուպլէ մը իրագործեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակին: Կերակուսեան նշանակեց Սանտըրլենտի 3-րդ եւ 4-րդ կոլերը: Անոր առաջին կոլը նշանակուեցաւ, երբ անոր ուժգին հարուածը դպնալէ ետք Պրայթընի բերդի սիւնին վերադարձած էր իրեն, եւ այս անգամ ան անսխալ էր:
Երկրորդ կիսախաղին, Սանտըրլենտ 10 մարզիկներով շարունակեց մրցումը, երբ Չարլի Ֆորսայթ ստացաւ իր 2-րդ դեղին քարտը: Պրայթըն նշանակեց կոլ մը, բայց Կերակուսեան անմիջապէս պատասխանեց: