Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կը Շարունակէ Ձեռք Ձգել Փայլուն Արդիւնքներ

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը, ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի իր մրցումին 92-54 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Էն.Էս.Էյ.-ը` արձանագրելով իր 9-րդ յաղթանակը:

Նկատի ունենալով, որ ախոյեանութեան 10-րդ խումբը պէտք էր Լիբանանի պատանիներու (18 տարեկանէն վար) խումբը ըլլար, որ փոխարինած էր Չեմփսը, այսուհանդերձ խումբը պատրաստ չէր, եւ 9 խումբեր կը մասնակցին այս տարեշրջանի ախոյեանութեան:

Մրցումի սկիզբէն Մեղրի Թորոսեան 3 կէտնոց կողով սկսաւ, եւ քանի մը վայրկեան տեւած անկայուն վիճակէ ետք (3-6) ՀՄԸՄ Անթիլիաս արագ ձեւով վերստին տիրապետեց մրցումին եւ 27-15 արդիւնքով յառաջացաւ: Բ. մասին ՀՄԸՄ Անթիլիաս շարունակեց նոյն ընթացքը` 12 կէտի առաւելութիւնը կրկնապատկելով եւ նոյն պահուն չէզոքացնելով Էն.Էս.Էյ.-ի ուքրանացի բարձրահասակ մարզիկ Օլեսիա Մալաշենքոն, որ Էն.Էս.Էյ.-ի լաւագոյն մարզիկն է: Մալաշենքօ միայն 5 կէտ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Մէկ կողմէ Մեղրի Թորոսեան իր 3 կէտնոց կողովներով, իսկ միւս կողմէ Լատեսիա Ուիլիամս (22 կէտ եւ 9 ռիպաունտ) եւ Էնճըլ Պէյքըր (12 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ): Ամար Մանսուր բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ` 15 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 2 սթիլ կատարելով: Խումբը բաւական լաւ եւ հաւասարակշուած ելոյթ ունեցաւ: Մեղրի Թորոսեան 20 կէտ նշանակեց (6 յաջող 3 կէտնոց կողովներ), մինչ 11 մարզիկներ մասնակցելով ճնշումը բաւական նուազեցուցած էին հիմնական մարզիկներուն վրայ, մանաւանդ որ վաղը խումբը պիտի մրցի Սփորթինկ Պքեննայայի դէմ:

Ամէնէն բարձր թիւով կէտեր նշանակող 85,6 կէտ (միջին հաշուով) ՀՄԸՄ Անթիլիաս միայն քիչ մը ռիպաունտով (42,9 ռիպաունտ) աւելի նուազ է, քան Ազուրն (47 ռիպաունտ) ու Ռիատին (45,1 ռիպաունտ), բայց էսիսթով եւ մանաւանդ քիչ թըրն-օվըրով եւ շատ սթիլով (10,2) կը գերազանցէ բոլորը:

Կը սպասուի, որ խումբը օրէ օր եւ մրցումէ մրցում աւելի եւս ներդաշնակ խաղ խաղայ եւ բոլորը իրենց լաւագոյնը տան ու խումբը վերստին գրաւէ առաջին դիրքը:

Նոյն այս (11-րդ) հանգրուանին Պէյրութ Ֆըրսթ 78-72 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սփորթինկ Պքեննայան, մինչ Ռիատի 80-51 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինմաա Տամուրը:

Այսօր Մթայլեպ պիտի հիւրընկալէ Անդրանիկը (ժամը 20:00-ին) Այնթուրայի դաշտին վրայ:

Ուրեմն վաղը Մըզհերի մէջ ՀՄԸՄ Անթիլիասի դաշտը կ՛օգտագործէ նաեւ Սփորթինկ Պքեննայա:

Leave a Comment