Լիբանանի Եւ 13 Այլ Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Կը Դատապարտեն Թել Աւիւի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Յայտարարութիւնը

14 Արաբական ու իսլամական պետութիւններ, ներառեալ Լիբանանը, միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեցին Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքիպիի այն յայտարարութիւնը, թէ Իսրայէլ Եփրատ գետէն մինչեւ Նեղոս գետ երկարող շրջանին տիրելու թորայական իրաւունք ունի:

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եգիպտոսը, Յորդանանը, Ինտոնեզիան, Փաքիստանը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան, Պահրէյնը, Քաթարը, Սուրիան, Պաղեստինը, Քուէյթը, Լիբանանը, Օմանը, Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի դիւանը, Արաբական լիկան եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը բուռն կերպով կը դատապարտեն Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան ընդունեց Իսրայէլի` արաբական պետութիւններու պատկանող հողերու, ներառեալ բռնագրաւեալ Այսրյորդանանին տիրապետութիւնը», կը նշուի միացեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ կտրուկ կերպով կը մերժէ «դեսպանին վտանգաւոր ու սադրիչ յայտարարութիւնը, որ միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բացայայտ խախտում է, ինչպէս նաեւ շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան հսկայական սպառնալիք կը ներկայացնէ»:

 

Leave a Comment