Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտելազիզ թագաւորն ու գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտելազիզը շնորհաւորեց Սէուտական Արաբիոյ 299-րդ «Հիմնադրութեան օր»-ուան առիթով` նշելով, որ այս տօնը «կը մարմնաւորէ սէուտական պետութեան պատմական արմատներու խորութիւնն ու երեք դարերու վրայ տեւողութիւնը»:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց «թագաւորութեան դերը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման մէջ եւ արաբական պետութիւններու բարգաւաճման աջակցութիւնը, եւ անոր Լիբանանին շարունակուող աջակցութիւնը իւրաքանչիւր լիբանանցիի կողմէ գնահատանքի եւ երախտագիտութեան կ՛արժանանայ»: