Պասքեթպոլ. Այսօր` Ինմաա Տամուր – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան դարձի իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մրցի Ինմաա Տամուրի դէմ, Շիյահի դաշտին վրայ, այսօր երեկոյեան ժամը 21:30-ին:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ Ռիատիի նման մէկ պարտութիւն ունի, պիտի փորձէ իր յաղթանակներու շարքը շարունակել անցեալ շաբաթ անակնկալ պարտութենէն ետք (Ռիատիէն), եւ երթի նման հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրէ:

Աղջկանց ախոյեանութեան դարձի մրցումները քիչ մը աւելի արագ պիտի ընթանան, մանաւանդ որ ֆետերասիոնը 3 օր անգամ մը մրցում հաստատած է խումբերուն:

Այսօր Ինմաա Տամուրի դէմ մրցումին վստահաբար մարզիչը շարք մը պահեստի մարզիկներու ալ առիթ պիտի տայ շատ չյոգնեցնելու հիմնական մարզիկները, աւելի պատրաստ ըլլալու համար երեքշաբթի օրուան մրցումին` Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ: Ուրբաթ օր ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ Սփորթինկ Պքեննայա, իսկ աւելի ուշ` 3 մարտին` Ազուր:

Leave a Comment