Ֆութպոլի մէջ քիչ մը տգեղ կ՛ըլլայ պատճառաբանութիւն գտնել պարտութեան պարագային, բայց երէկ յետմիջօրէի Ժալիլ Քանա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումին դէպքերը իրապէս արդար չէին ֆութպոլի արժէքին կամ նպատակին համար:
Երբ մրցակից խումբի մարզիկները զարմանան իրաւարարին սուլիչներէն (իրենց ի նպաստ), սխալ բան կրնայ ըլլալ վստահաբար: Ստոյգ ֆաուլ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի, բայց իրաւարարը ըստ երեւոյթին հակառակ տեսաւ, եւ նոյն ֆաուլէն ետք մրցակից խումբը բացաւ մրցումին հաշիւը Բ. կիսախաղին: Այս կոլէն ետք կոլ-սքորըր Ուասիմ Ապտել Հատի առանձին մնաց բերդապահին հետ, եւ հազիւ կը պատրաստուէր հարուածելու… խոշտանգուեցաւ: Փենալթիի սուլիչ չկար: Բան մը, որ նոյնիսկ մրցակից մարզիկները զարմացուց, եւ ոմանք իրենց գլուխը բռնած սուլիչը կը սպասէին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիկները բողոքեցին, բայց ապարդիւն: Խաղը ընդհատուեցաւ քանի մը վայրկեան, որմէ ետք Սուլէյման Աքիլ կարմիր քարտ ստացաւ` չհանդուրժելով անարդարութիւնը:
10 մարզիկներով, առաւել իրաւարարին սխալներով մրցումը վերջ գտաւ 3-0 արդիւնքով:
Այժմ այս էջը պէտք է փակել եւ մնացեալ 4 մրցումներուն անպայման յաղթել, նոյնիսկ եթէ մրցակիցները 14 մարզիկներով խաղան…