Գերմանացի նախկին մասնագէտ մարզիչ Զեփ Փիոնթեք հինգշաբթի գիշեր իր մահկանացուն կնքեց 85 տարեկան հասակին:
Դանիոյ հռչակաւոր 1980-ականներու ազգային խումբին մարզիչը իր գեղեցիկ յարձակողական ֆութպոլով գրաւած էր հազարաւոր համակիրներուն սրտերը:
Ֆութպոլիստի իր օրերուն Վերտեր Պրեմընի հետ փայլած յետսապահ (1960-էն 1972) Փիոնթեք 1965-1966 տարիներուն 6 անգամ կրած է նաեւ Արեւմտեան Գերմանիոյ ազգային խումբին շապիկը:
Պրեմընի հետ սկսելէ ետք իր մարզիչի օրերը ան 1979-ին նշանակուեցաւ Դանիոյ ազգային խումբի մարզիչ եւ մինչեւ 1990 նոր էջ բացաւ Դանիոյ ֆութպոլի պատմութեան մէջ` ստեղծելով գեղեցիկ յարձակողական ոճ մը` «Տենիշ տայնըմայթ» (դանիական ռումբ):
Եոզէֆ Էմանուել Հուպերթուս «Զեփ» Փիոնթեք ինքզինք կը զգար 55 տոկոս դանիացի եւ 45 տոկոս գերմանացի, մանաւանդ պսակուելէ ետք դանիացի իր կնոջ հետ եւ ապրելով Դանիա 1980-ականներէն ի վեր:
Ան ընտրուած էր 1983-ի լաւագոյն մարզիչ` հասնելով 1986-ի Մոնտիալին (պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով): Իր ոճը շարունակուեցաւ կիրարկուիլ 1990-էն ետք, իսկ 1992-ին Դանիա դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: