ՄԱԿ-ի Մէջ Իրանի Դեսպան. «Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Բոլոր Ռազմակայանները, Ենթակառոյցներն Ու Դրամագլուխները Օրինական Թիրախներ Պիտի Ըլլան, Եթէ Յարձակումի Ենթարկուինք»

Իրան, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին յղուած նամակի մը մէջ, վերահաստատեց յարձակումի ենթարկուելուն պարագային Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններուն դէմ իր սպառնալիքները:

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպանը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին իր յղած նամակին մէջ գրեց. «Եթէ Իրան զինուորական յարձակումի ենթարկուի, վճռական ու պատշաճ կերպով պիտի հակադարձէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին մէջ նշուած ինքնապաշտպանութեան սկզբունքին համաձայն»:

«Այդպիսի պայմաններուն մէջ, շրջանին մէջ ամերիկեան բոլոր ռազմակայանները, ենթակառոյցներն ու դրամագլուխները օրինական թիրախներ կը նկատենք», աւելցուց ան:

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Այսպէս կամ այնպէս Իրանի վերաբերեալ համաձայնութեան պիտի հասնինք»:

«Իրանի հետ համաձայնութեան հասնելու համար առաւելագոյնը 15 օր կայ, այլապէս անոնց համար ցաւալի պիտի ըլլայ», նշեց Թրամփ:

Leave a Comment