Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի քննարկած են Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը, ներառեալ հաշուի առնելով Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Իրան-Միացեալ Նահանգներ անուղղակի բանակցութիւններու արդիւնքները: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները միտքեր փոխանակած են Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ, ներառեալ հաշուի առնելով ժընեւեան հարթակի վրայ տեղի ունեցած ամերիկեան-իրանեան անուղղակի բանակցութիւններու արդիւնքները», կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան «Թելեկրամ» ալիքին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ:
«Ռուսական կողմէ վերահաստատուած է աջակցութիւնը բանակցային հոլովոյթին, որ ուղղուած է արդար քաղաքական-դիւանագիտական լուծումներու որոնման` յարգելով Իրանի օրինական իրաւունքները` Հիւլէական զէնք չտարածելու մասին պայմանագիրի սկզբունքներուն համապատասխան»:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն նաեւ յայտնած են, որ անդրադարձ կատարուած է երկկողմանի օրակարգի առանձին հարցերու, որոնք փոխադարձ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է իրանեան կողմի նախաձեռնութեամբ: