«Ճափոնը Մտադիր Է Ռուսիոյ Հետ Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Ճափոնի Վարչապետը

Ճափոնը մտադիր է Ռուսիոյ հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել` հակառակ ոչ այնքան լաւ յարաբերութիւններուն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ իր աշխատանքային ծրագիրի մասին արտասանած խօսքին ժամանակ յայտարարած է Ճափոնի վարչապետ Սանաէ Թաքայիթին:

«Ճափոնն ու Ռուսիան կը գտնուին ոչ այնքան լաւ յարաբերութիւններու մէջ, սակայն Ճափոնի կառավարութեան որդեգրած տարածքային խնդիրը լուծելու եւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու ուղղուածութիւնը անփոփոխ է», նշած է Թաքայիթի:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով անդրադառնալով Ռուսիոյ եւ Ճափոնի միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին յայտնեց. «Ճիշդ այս պահուս, մեր յարաբերութիւնները ամբողջովին դադրած են, որեւէ երկխօսութիւն չկայ»:

«Անկարելի է Ճափոնի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն քննարկել, առանց յարաբերութիւններու մեքանիզմը փոխելու», նշեց Փեսքով:

Leave a Comment