Նախագահ Աուն Մաքրոնէն Հրաւէր Ստացաւ` Մասնակցելու Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովին

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնէն հրաւէր ստացաւ իբրեւ համանախագահ մասնակցելու 5 մարտին Փարիզի մէջ գումարուելիք լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովին:

Մաքրոն Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի կողմէ նախագահ Աունի յանձնուած հրաւէրին մէջ նշեց. «Նախագահ Աունի անձնապէս մասնակցութիւնը քաղաքական ուժեղ նշան է, որ կ՛արտացոլէ Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ կապերու ամրութիւնը եւ երկու կողմերուն Լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան ամբողջական կերպով վերականգնման նկատմամբ յանձնառութիւնը»:

«Խորհրդաժողովի նպատակը վերահաստատելն է քաղաքական, ելեւմտական եւ թեքնիք աջակցութիւնը, որ միջազգային ընտանիքը կը տրամադրէ լիբանանեան բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ զօրաշարժի ենթարկելու միջազգային հակամարգուած աջակցութիւն է, որ համահունչ է այդ հաստատութիւններուն որոշակի առաջնահերթութիւններուն», շեշտեց Ֆրանսայի նախագահը:

Leave a Comment