Հաժժար. «Աշխատանք Կը Տանինք Ընտրութիւնները Ճշդուած Ժամկէտին Կատարելու Համար»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար, ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ քայլով մը մեկնարկը տուաւ ներքին գործոց նախարարութեան 2025-2028 տարիներու ռազմավարական ծրագիրին, ինչ որ վարչական աշխատանքի ընթացքը զարգացնելու եւ հաստատութենական աշխատանքը ամրապնդելու նշանակալից կէտ մը կը կազմէ:

Նախարարը երէկ իր հրաւիրած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Սկսանք ծրագիրին մէջ գոյութիւն ունեցող շարք մը կէտերը գործադրել»:

Միւս կողմէ, Հաժժար շեշտեց, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարութիւնը «անդադար կ՛աշխատի ընտրական հոլովոյթը ճշդուած ժամկէտին կատարելու համար»:

Leave a Comment