Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Վաղը, Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շատ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Թրիփոլիի մէջ` Իժթիմահիին դէմ:

Իժթիմահի, որ կը նկատուի շատ լուրջ մրցակից, կը նկատուի Գ. դասակարգի ամէնէն կազմակերպուած խումբերէն մէկը, եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի նման չի բաւականանար մէկ կոլ նշանակելով եւ պաշտպանուելով: Իրապէս ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ միշտ ալ (Վերջին տարիներուն) վարժեցուցած է իր համակիրներուն միշտ յարձակողական խաղաոճ կիրարկելով մեծ թիւերով կոլ նշանակել:

Կարեւորագոյն բանը այս մրցումին այն է, որ պէտք է ըլլալ զգուշ, քիչ սխալներ կատարել եւ օգտուիլ մրցակիցի պզտիկ սխալներէն:

Երթին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները պզտիկ սխալներ կատարելով կոլեր ստացած էին, եւ այդ մրցումէն սորվելով կը մնայ մեզի աւելի «գոց» խմբային խաղ խաղալ` կեդրոնանալով հակայարձակումներուն վրայ, ուր Սերժ Օսքեան եւ Ալի Ֆահս ոչ միայն կոլեր կրնան պատրաստել կոլ-սքորըր Ուասիմ Ապտել Հատիի համար, այլեւ իրենք նոյնիսկ կրնան նշանակել կարեւոր կոլեր:

Դաշտի կեդրոնը խմբապետ Աւիկ եւ տինամօ Յակոբ Նաճարեան մրցումը եւ խումբը ընդհանրապէս իրենք կը կառավարեն եւ շատ լաւ գիտեն ե՛րբ արագցնել կամ հանդարտեցնել մրցումին ընթացքը:

Յոյսով, որ վիրաւոր տղաքը լաւ ձեւով դարմանուած ըլլան, եւ ցաւը մոռնալով իրենց միակ նպատակը ըլլայ 3 կէտերը ապահովել:

Այս մրցումին 3 կէտերը շատ անկիւնադարձային կրնան ըլլալ այն իմաստով, որ 3 կէտեր շահող խումբը իր մրցակիցէն պիտի հեռանայ եւ հաստատուի առաջին երկու դիրքերուն վրայ, որոնք պիտի հասցնեն Գ. դասակարգի աւարտական հանգրուան` ֆայնըլ 6-ին:

Համակիրներէն կը սպասուի մեծ թիւերով ներկայ ըլլալ Թրիփոլիի քաղաքապետարանի դաշտ` քաջալերելով եւ ականատես ըլլալով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի սպասուած մրցումին:

 

Leave a Comment