Ուասլ. Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

2026-ի Ուասլի մրցաշարքը տակաւին կը շարունակուի, եւ իրենց նախավերջին մրցումներուն (կիսաւարտականէն առաջ) տիտղոսակիր Ռիատի եւ Սաժես կարեւոր յաղթանակներ արձանագրեցին:

Ռիատի, որ անցեալ դեկտեմբերին 86-72 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Ղազախստանի մէջ Ասթանա ակումբէն, 106-57 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց զայն «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ:

Ռիատիէն 5 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին, ուր լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Փերըն Պիւֆորտ (22 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ):

Նունի Օմոթ (26 կէտ), Հայկ Կէօքճեան (20 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), Իսմայէլ Ահմետ (12 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Ամեր Սէուտ (11 կէտ) հերոսական ելոյթ ունեցան: Հայկի կողքին Րաֆֆի Չուլճեան մօտ 2 վայրկեան մասնակցեցաւ` նշանակելով 2 կէտեր, մրցումի մը, ուր վերջին 2 վայրկեաններուն Ռիատի դաշտ ներկայացուց իր պահեստի բոլոր մարզիկները, ինչպէս` Օմար Սուպրան եւ Քարիմ Ապու Նասրը: Պէտքէ ըսել, որ Ռիատի որմէ կը բացակայէին Մորիս Քեմփ եւ Քարիմ Զայնուն (վիրաւոր), շատ բարձր ձեւով ճնշեց Աթանայի բոլոր «բանալի» մարզիկներուն վրայ` անշարժացնելով զանոնք:

Օր մը ետք (հինգշաբթի), Սաժես 105-96 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սուրիոյ Ուահտէն եւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:

Քանի մը օր առաջ 104-102 արդիւնքով պարտութիւն կրած (Ասթանայէն) Սաժես բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ, ուր Ալի Հայտար (34 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), Փարիս Պաս (23 կէտ 11 ռիպաունտ) եւ Ուոլթր Հոճ (16 կէտ եւ 13 Էսիսթ) փայլեցան:

Չորեքշաբթի օր Ռիատի իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Կորկանի դէմ, մինչ հինգշաբթի օր Ուահտէ պիտի մրցի Ասթանայի դէմ: Կորկան-Սաժես մրցումին վճիռը տակաւին որոշուած չէ, մանաւանդ որ 11-12 մարտին պիտի սկսին կիսաւարտականի մրցումները, իսկ աւարտական մրցումներու ճակատումները կը սկսին 16 ապրիլին:

 

Leave a Comment