Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Այսօր ժամը 18:00-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Ռիատին:

8 յաղթանակներ արձանագրած ՀՄԸՄ Անթիլիաս անցեալ տարուան ախոյեանութեան աւարտականի իր մրցակիցին դէմ առաւելութիւն ունի իր դաշտին վրայ խաղալու: Անցեալ տարիներու ախոյեան Ռիատի իր վերջին մրցումին 85-88 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Ազուրի դէմ, ուր ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Միքայէլ Միքայէլեան եւ օգնական Ճօ Մոժահես ներկայ էին եւ լաւ ձեւով ուսումնասիրեցին մանաւանդ Ռիատիի մարզիկները:

Ռիատի մեծ մասամբ կը վստահի Իթալի Լուքասի, որ հակառակ 37 տարեկան ըլլալուն շատ փայլուն մարզիկ մըն է, մինչ 195 սմ հասակ ունեցող Սարա Պութ Սենթըրի իր դիրքին վրայ շատ լաւ է: Ռեպեքա Աքըլ վերադարձած է եւ լաւագոյն լիբանանցի մարզիկներէն մէկն է: Մարիա Ղալեպ, Շերին Շրէյֆ, Նուր Լապպան, Մէյկըն Նաասան եւ Մայա Պարաքեթ, ինչպէս նաեւ Նարինէ Կէօքճեան բաւական լաւ մակարդակի մարզիկներ են, բայց ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ աւելի լաւ խմբային խաղ կը կիրարկէ եւ Պէյքըր-Ուիլիամս օտարներու կողքին Մեղրի Թորոսեան, Փերլա Պու Նասր, Ամար Մանսուր, Ռիմ Ղալի, Կապի Սաատ, Էլիսա Ապու Ժաուտէ, Ալիք Թապաքեան, Անիելլա Հաւանճեան եւ Ալիք Քէշիշեան պատրաստ են իրենց լաւագոյնը տալու խումբին համար, որ պիտի փորձէ երթի մրցումները առանց պարտութեան աւարտելու:

Համակիրներէն կը սպասուի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը ողողեն իրենց դրական կանչերով, եւ 40 վայրկեաններ քաջալերելով ըլլան 6-րդ մարզիկը` աւարտականի մակարդակով այսօրուան մրցումին:

 

Leave a Comment