Վանսի «Էքս»-ի Էջին Վրայ Ծիծեռնակաբերդ Այցելութեան Մասին Գրառումը Ջնջուած Է, Ապա Հրապարակուած Առանց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Բառերու

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանսի «Էքս»-ի էջին վրայ հրապարակուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութեան մասին գրառումը հրապարակուելէ կարճ ժամանակ ետք ջնջուած է:

Աւելի ուշ հաղորդագրութիւնը վերահրապարակուած է անոր մամլոյ քարտուղար Թէյլըր Վան Քըրքի կողմէ, սակայն առանց «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերու:

Վանս երէկ իր կնոջ հետ այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը Պաքու մեկնելու համար օդանաւ բարձրանալէն առաջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Ծիծեռնակաբերդ իր այցելութեան ըսելով. «Խօսեցանք հայերուն հետ: Անոնք ըսին, թէ ասիկա մեզի համար շատ կարեւոր վայր է, եւ ի հարկէ, առաջին փոխնախագահն եմ, որ երբեւէ Հայաստան կ՛այցելեմ: Անոնք մեզմէ խնդրեցին այդ վայր այցելել: Ի հարկէ, աւելի քան 100 տարի առաջ շատ վատ բան պատահեցաւ, եւ ատիկա բան մըն է, որ անոնց համար մշակութային գետնի վրայ շատ, շատ կարեւոր է: Ուստի մտածեցի, որ ատիկա յարգանքի նշան է զոհերուն, սակայն նաեւ հայկական կառավարութեան, որ շրջանին մէջ մեզի համար շատ կարեւոր գործընկեր է, վարչապետ Փաշինեանին: Ուզեցի երթալ, այցելել ու յարգանքի տուրքս մատուցել»:

Leave a Comment