Միացեալ Նահանգները 11 Միլիոն Տոլարի Հետախուզական Անօդաչու Սարքեր Պիտի Տրամադրեն Հայաստանին

«Մենք 11 միլիոն տոլարի հետախուզական անօդաչու սարքերու արհեստագիտութեան վաճառքի գործարք հաստատած ենք Հայաստանի հետ», վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին 9 փետրուարին յայտարարեց Հայաստան ժամանած Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսը:

«Մենք համոզուած ենք, որ այն խաղաղութիւնը, որ պէտք է կերտուի, կայուն պիտի ըլլայ: Ատիկա կը նշանակէ հետագայ լրացուցիչ աշխատատեղերի բացում, լրացուցիչ ներդրումներ», նշեց Ճէյ. Տի. Վանս` աւելցնելով. «Այն, ինչ որ կը կատարուի այստեղ պատմական նշանակութիւն ունի, ես,  իրօք, հպարտ եմ, որ Միացեալ Նահանգներու առաջին փոխնախագահն եմ, որ երբեւէ կ՛այցելէ այս երկիր»:

Ճէյ. Տի. Վանսը Ամերիկայի առաջին փոխնախագահն է, որ նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ երբեւէ եկած է երկիր:

Երեւանի մէջ հայկական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններու բանակցութիւններուն հիմամբ նաեւ հիւլէական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը խորացնելու վերաբերեալ փաստաթուղթ ստորագրուեցաւ:

Leave a Comment