Զելարայեանի Սքանչելի Կոլին Շնորհիւ Պելկրանօ Յաղթեց

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պելկրանօ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պանֆիլտը:

Մրցումի միակ կոլի հեղինակը դարձաւ Պելկրանոյի խմբապետ եւ Հայաստանի ազգային խումբի յարձակող միջնապահ Լուքաս Զելարայեան:

54-րդ վայրկեանին, Էմիլիանօ Ռիկոնիի փոխանցումէն ետք, Զելարայեան կռնակը բերդին ինքն իր վրայ դարձաւ, խաղի բերաւ Պանֆիլտէն մարզիկ մը եւ մօտ 35 մեթրէն ռմբային սքանչելի հարուածով գրաւեց Պանֆիլտի բերդը:

Ասիկա 33 տարեկան Զելարայեանի առաջին կոլն էր այս տարեշրջանին, եւ յատկանշային էր, որ էսիսթ տուող իր խմբակիցը` Ռիկոնի, Զելարայեանին հետ սկսած էր ֆութպոլի ասպարէզը նոյն Պելկրանօ խումբի պատանիներու խումբին հետ: Աւելի ուշ ան Մեքսիքա փոխադրուած էր, եւ վերջերս Զենիթի հետ ելոյթ կ՛ունենար` այս ձմրան վերադառնալով արժանթինեան ակումբ:

Պանֆիլտի խումբին հետ մասնակցեցաւ նաեւ հայ միջնապահ Թոմաս Ատորեան:

Այս յաղթանակէն ետք, Պելկրանօ բարձրացաւ Բ. խմբակի դասաւորման 3-րդ դիրք, 8 կէտերով Թիկրէի եւ Ռիվատաւիայի ետին,  մինչ Պանֆիլտ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը: 15 խումբերէն առաջին 8  դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի անցնին յաջորդ հանգրուան: Ռիվըր Փլէյթ 7 կէտերով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:

 

Leave a Comment