29 տարեկան հայ բռնցքամարտիկ Եուրի Սաքունց կը շարունակէ հաստատ քայլերով յառաջանալ արհեստավարժ ասպարէզին մէջ եւ իր 21-րդ ելոյթն ալ աւարտեց յաղթանակով:
Պանքոքի մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի երեկոյին ընթացքին, Սաքունց նաք¬աութով պարտութեան մատնեց ռուս Մարք Ուրվանովը, առաջին ռաունտին իսկ:
18 ապրիլին Սաքունց պիտի ունենայ իր յաջորդ ելոյթը Աւստրիոյ մէջ:
Սաքունց իր այս արդիւնքներով մօտեցաւ աշխարհի լաւագոյն 50 մարզիկներու դիրքին` ինքզինք հաստատելով իբրեւ իր կշիռի լաւագոյն մարզիկներէն մէկը:
Սաքունց, որ 19-րդ նաք-աութը կատարեց 21 մրցումներու ընթացքին, դասական բռնցքամարտիկ չէր: Ան աւելի յայտնի էր «Կինես» գիրքին մէջ մրցանիշներ հաստատելով` «Կամազ» բեռնատարներ եւ ուղղաթիռներ պարաններով քաշելով եւ մատներով ծանր փորձեր կատարելով:
Ան աւելի կանուխ ըմբշամարտ եւ քիք պոքսինկ ալ կիրարկած է, բայց 2022-էն ի վեր կանոնաւոր ձեւով հանդէս կու գայ արհեստավարժ բռնցքամարտի մրցումներուն: