Ֆութսալ. Սպանիա` Եւրոպայի Ախոյեան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Սպանիոյ ֆութսալի խումբը 5-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Եւրոպայի գործող ախոյեան Փորթուգալին, դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Հայաստանի մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեանի «երազը» իրականացաւ: Եուրոյէն առաջ Նազարէթեան յայտնած էր, թէ կը ցանկայ Փորթուգալի պարտութիւնը` առանց յայտնելու պատճառները, սակայն ան շաբաթավերջին բացայայտեց այդ մէկը:

2024-ին Փորթուգալի բողոքներուն պատճառով Հայաստանի ազգային խումբին արդիւնքները թեքնիք պարտութիւններու փոխուած էին, այդ օրերուն 4-5 մարզիկներ, որոնք պրազիլական ծագում ունէին, կը խաղային հայկական ակումբներէ եւ քաղաքացիութիւն ստացած էին: Ազգային խումբին հետ լաւ արդիւնք ձեռք կը բերէին, բայց Փորթուգալի գանգատներէն ետք «Եու. Է. Էֆ. Ա.» որոշեց օրէնքները  վերատեսութեան ենթարկել:

Նազարէթեան անարդար նկատած էր այդ քայլը, մանաւանդ որ միայն Հայաստանի գծով էին որոշումները: «Եթէ բոլոր հաւաքականները հրաժարէին քաղաքացիութիւն ստացած մարզիկներով խաղալէ, հարց չկար, բայց իրականութիւնը տարբեր է: Այս Եուրոյին Խրուաթիա, Չեխիա եւ այլ հաւաքականներ պրազիլցիներ ունէին», աւելցուց ան:

Նշենք, որ 2023-ին Հայաստան Փորթուգալի հետ նոյն խմբակին մէջ կը գտնուէր 2024-ի Մոնտիալի զտումներուն, եւ միայն 5-6 արդիւնքով զիջած էր Հայաստան, որմէ ետք Փորթուգալ ներկայացուցած էր իր բողոքը, որուն արդիւնքով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ը փոխած  էր օրէնքը:

Կարեւոր է նշել, բոլոր այս գործընթացներէն ետք, Հայաստան անգամ մը եւս բողոքներու վերաբերեալ հարց ունեցաւ այս անգամ Դանիոյ ազգային խումբին հետ: Արդարեւ, Դանիա 4-3 արդիւնքով պարտուելէ ետք Հայաստանէն, բողոք ներկայացուցած էր ՖԻՖԱ-յին եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին Սանոսեանի, Աղաջանովի, Նեւեդրովի եւ Խրոմիխի քաղաքացիութեան գծով: Անոնց ծագումները ստուգելէ ետք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն այս բողոքը անտեսած էր:

 

 

Leave a Comment