ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը շաբաթ օր Նըժմէի դաշտին վրայ շատ կարեւոր յաղթանակով սկսաւ Գ. դասակարգի դարձի մրցումները` 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թաուֆիրը` Նըժմէի դաշտին վրայ:
Մրցակից խումբը քիչ մը չափազանց կարծր ֆութպոլ կիրարկեց, բայց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կրցաւ առիթները օգտագործելով շահիլ կարեւոր 3 կէտերը:
Շատեր կրնան նայելով դասաւորման կարծել կամ դատել, թէ մրցակից խումբը միայն 4 կէտեր ունենալով տկար խումբ մըն է, որ կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը, բայց դաշտին վրայ այդ մէկը տեսանելի չէ, եւ պէտք չէ մոռնալ, որ այս Թաուֆիրը նոյն խումբն է, որ կէտ մը խլած է առաջին դիրքը գրաւող Ղատ Աֆտալէն` երթի իր 3-րդ մրցումին:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ քանի մը վիրաւորներ ունէր, որոնցմէ մաս մըն ալ ոչ միայն Թաուֆիրի դէմ կը խաղային, այլ նաեւ կը պայքարէին իրենց ցաւերուն դէմ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը սկսաւ վերջին մրցումին նման, ուր բերդապահ Մոհամետ Պաթրաշ կը խաղար պաշտպանողական քառեակին ետին: Միկել Խանճեան, Սլէյման Աքիլ, Մոհամետ Քասեմ եւ Ապպաս Մրէյշ կը խաղային 4 պաշտպանողական դիրքերուն վրայ, խմբապետ Աւիկ Յարութիւնեան դաշտին կեդրոնը, տինամօ Յակոբ Նաճարեանի եւ Եուսեֆ Համատէի կողքին, մինչ Սերժ Օսքեան եւ Ալի Ֆահս ծայրերէն կ՛օգնէին կոլ¬սքորըր Ուասիմ Ապտել Հատիին:
Մրցումին մօտ 12 վայրկեաններ անցած էին, երբ մրցակից խումբէն մարզիկ մը կոլ նշանակելու առիթ ունէր, բայց Պաթրաշ ստիպուեցաւ փրկել կացութիւնը… բայց բաւական կարծր ձեւով զարնուեցաւ մրցակիցին` վիրաւորելով եւ վիրաւորուելով, Թաուֆիր օգտուեցաւ այս փենալթիէն եւ Եասեր Սարհան նշանակեց մրցումի առաջին կոլը:
Հազիւ 2 վայրկեան ետք, Ուասիմ Ապտել Հատի կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը: 36-րդ վայրկեանին Ապտել Հատի գլխու հարուածով աւելցուց երկրորդ կոլը` քիչ մը հանգստացնելով մթնոլորտը:
Պէտք է ըսել, որ անիմաստ վէճի մը պատճառով Ապպաս Մրէյշ եւ մրցակից մը կարմիր քարտով հեռացան դաշտէն:
Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ 3 պաշտպաններով կը խաղար եւ ստիպուած էր բերդապահը փոխարինել (վիրաւոր ըլլալուն պատճառով): ՀՄԸՄ արագ կոլ մը նշանակեց` շնորհիւ Ալի Ֆահսի: Մրցակից խումբը, որ շատ անգամ կոլ կը փորձէր նշանակել ճնշելով, 62-րդ վայրկեանին 3-2-ի նուազեցուց արդիւնքը, երբ Սարհան անգամ մը եւս նշանակեց:
Ալի Ֆահս փոխարինուեցաւ Ալի Շեհատէով եւ խումբը խաղաոճը փոխեց 4-4-1-ի, որ բնականաբար վտանգը եւ ճնշումը նուազեցնելու համար էր: 77-րդ վայրկեանին արագ հակայարձակումի վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ փենալթի մը շահեցաւ, որ կոլի վերածեց փորձառու Ուասիմ Ապտել Հատին` իր հեթ¬թրիքը ամբողջացնելով:
Այստեղ շատ խելացի փոխարինումներ եղան, ուր կէս վիրաւոր տղաքը դուրս եկան, ինչպէս Եուսեֆ, Յակոբ նաճարեան եւ Ուասիմ Ապտել Հատի: Սերժ փոխեց Ուասիմի հետ իր դիրքը եւ դաշտ ներկայացած Ատնան խաղցաւ ծայրի (Սերժին) դիրքին վրայ, Ժաք (որ նոր միացած էր խումբին) փոխարինեց Նաճարեանը, իսկ Ալեք փոխարինեց Եուսեֆը` աւելի պաշտպանողական գիծին օգնելու:
Յիշատակելի էր Շեհատէի ազատ հարուածը, որ կրնար ՀՄԸՄ-ի 5-րդ կոլը ըլլալ:
Մրցումը, ինչպէս նշեցինք, բաւական կարծր էր, եւ մեր տղաքը քիչ մը զգուշ պէտք է ըլլան քարտերէ հեռու մնալով: Պէտք է կարծր խաղան, բայց կարծրութիւնն ալ երբեմն իր ժխտական կէտը ունի, մանաւանդ որ (դժբախտաբար) իրաւարարները լաւ մակարդակ չունին եւ ոչ մէկը կրնայ կռահել, թէ ճիշդ պիտի տեսնէ՞ կամ դատէ՞ ամէն գնդակ:
Յամենայն դէպս ՀՄԸՄ-ի տղոց կը մնայ քիչ մը զգուշ ըլլալ, նեղի մատնել մրցակից մարզիկները` ճիշդ ձեւով ճնշելով անոնց վրայ, նոյնիսկ առանց գնդակի:
Այժմ պէտք է կեդրոնանալ յառաջիկայ կիրակի օրուան մրցումին վրայ` Իժթիմահիի դէմ, Թրիփոլիի մէջ: Այս մրցումը շատ կարեւոր է, մանաւանդ որ միակ ձեւն է անոր մեծ թիւով կոլերուն գերազանցելը: Երթին Սաֆայի դաշտին վրայ մեր սխալներէն է, որ Իժթիմահի կրցաւ օգտուիլ:
Շատ քաջալերելի էր դարձի մրցումները 4-2 արդիւնքով սկսիլը, եւ յոյսով, որ աւելի հանգստանալով մեր մրցակիցները աւելի լաւ վիճակով կրնան վերադառնալ յաջորդ մրցումին:
6 մրցակիցներ մնացին, եւ ամէն մրցում աւարտական մրցումի նման ամբողջական կեդրոնացումի կը կարօտի: