Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Միլանի Մէջ Գեղեցիկ Բացում… Առանց Ձիւնի

Ուրբաթ օր ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ` ներշնչուած Լէոնարտօ Տա Վինչիի «հսկայ կաթսայ»-ի տեսարանով, մինչ ամերիկացի երգչուհի Մըրայա Քերի իտալերէն կ՛երգէր:

Սքանչելի տեսարաններով եւ թեմաներով հարուստ բացման արարողութենէն միայն ձիւնը կը բացակայէր:

Ձիւնը ներկայ էր միայն ռուս արուեստագէտ Սլաւա Փոլունինի «Սլաւա Սնօ Շօ»-ի պահուն, ուր գեղեցիկ ձեւով ան ներկայացուց թատրոնի նման տեսարան մը, որ ապշեցուց բոլոր ներկաները:

Սան Սիրոյի դաշտը հիւրընկալեց բացման արարողութիւնը, ուր նոյն պահուն, առաջին անգամ ըլլալով երկու կաթսաներու մէջ ընթացք առին ջահեր վառելու արարողութիւնները, մէկը` Միլանի մէջ, իսկ միւսը Քորթինայի: Քորթինա Տ՛Ամփեցօ ուղղակիօրէն մասնակցեցաւ առցանց, սակայն արարողութիւնը Միլանի մէջ էր` օփերայի իտալերէն երգերու կատարողութեամբ, Ողիմպիական օղակներով եւ հրավառութեան հարուստ տեսակներով:

Աւելի ուշ սկսաւ մարզիկներու ընդհանուր տողանցքը: 92 Ողիմպիական կոմիտէներ եւ 2.900-է աւելի աթլեթներ յաջորդաբար մտան Միլանի, իսկ ուրիշներ Քորթինայի, Լիվինիոյի կամ Փրետացոյի դաշտերը: Նոյն պահուն արհեստավարժ պարողներ գեղեցիկ հանդէս կը կատարէին գունաւոր տարազներով:

 

Leave a Comment