Պայրամովն Ու Ֆիտանը Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

Երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ: Ջէյհուն Պայրամովն ու Հաքան Ֆիտանը քննարկած են շրջանային անվտանգային իրավիճակը:

Ինչպէս կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, հեռաձայնային  հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, միտքեր փոխանակուած են Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակի, Ազրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:

 

Leave a Comment