ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը կը շարունակէ իր յաջող մրցումներու ընթացքը եւ հինգշաբթի գիշեր 99-60 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մթայլեպի դաշտէն` արձանագրելով իր յաջորդական 6-րդ յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-ի աղջիկները մրցումի սկիզբէն լաւ սկսան եւ փայլուն արդիւնք մը եւս արձանագրեցին` շնորհիւ իրենց փայլուն հնգեակին:
Մեղրի Թորոսեան (14 կէտ), Էնճըլ Պէյքըր (6 կէտ), Փերլա Պու Նասր (28 կէտ եւ 9 ռիպաունտ), Ամար Մանսուր (11 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ) եւ Լատաժիա Ուիլիամս (27 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) բաւական լաւ ձեւով ճնշեցին եւ տիրապետեցին մրցակից Մթայլեպի վրայ, որուն օտարները` Այշել Հերնանտես (21 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եւ Ալիյա Մաթարու (27 կէտ) եղան խումբին կէտերուն մեծ մասը նշանակող զոյգը:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի առաւելութիւնը այն է, որ բոլոր մարզիկներն ալ պատրաստ են, երբ հերթը գայ դաշտ ներկայանալու: Ռիմ Ղալի, Կապի Սաատ, Էլիսա Ապա Ժաուտէ, Թալա Շամմա, Ալիք Թապաքեան, Անիելլա Հաւանճեան եւ Ալիք Քէշիշեան, նոյնիսկ Տանիելլա Ֆայյատի եւ Սթեֆանի Հատտատի բացակայութեան կրնան յաղթել որեւէ խումբի:
Ռիատի, որ անցեալ տարուան ախոյեանն է, մեծ դժուարութեամբ պարտութեան մատնեց Պէյրութ Ֆըրսթը:
Առաջին մասին 18-10 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Պէյրութ մինչեւ 11 կէտով կը յաղթէր 3-րդ մասի կէսերուն (44-33), բայց Ռիատի ինքզինք գտաւ եւ 46-45 արդիւնքով յառաջացաւ` միշտ մնալով Պէյրութէն առաջ: Մրցումի աւարտէն 3 վայրկեան առաջ 63-72 արդիւնքով Ռիատի կը յաղթէր, բայց Պէյրութ Ֆըրսթ քիչ մնաց անակնկալի բերէր Ռիատին, որ սակայն յաղթեց 72-74 արդիւնքով:
Վաղը, Պէյրութ Ֆըրսթ, Տըպպայէի դաշտին վրայ, ժամը 19:00-ին պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Պէյրութի Սենթըր Չինա Քորնուել եւ Քալայճա Տին բուռն մրցակցութիւն պիտի ունենան ՀՄԸՄ-ի Ուիլիամս-Պէյքըր զոյգին դէմ, մինչ Մարիամ Ժոմաա եւ Լին Ապի Մոսլեհ կը նկատուին լաւագոյն լիբանանցիները: ՀՄԸՄ-ի համար ասիկա երկրորդ փորձ-մրցումը պիտի ըլլայ Ռիատիի դէմ մրցումէն առաջ: Ազուրի դէմ մրցումը լուրջ փորձ էր, եւ վաղուան մրցումը` Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ, լաւ պատրաստութիւն պիտի ըլլայ: