Այսօր ժամը 14:15-ին Նըժմէի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը պիտի մրցի Թաուֆիրի դէմ, Գ. դասակարգի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը պէտք է աւելի լաւ մթնոլորտի մէջ պատրաստուած ըլլան դարձի մրցումներուն, եւ իւրաքանչիւր մրցումի հետ պէտք է յատուկ լրջութեամբ վերաբերիլ:
Խումբը, որ արդէն իսկ լաւ էր, աւելի եւս զօրացնելու համար ձեռք բերուեցան երկու նոր մարզիկներ` վեթերան Զուհէյր Ապտալլա եւ Ժագ Զարաուի:
Զուհէյր Ապտալլա, որ տարիներով եղած է Շապապ Սահելի խմբապետը, իր փորձառութեամբ կրնայ մեծ դեր ունենալ ՀՄԸՄ-ի պաշտպանողականը ամրացնելու կեդրոնի պաշտպանողական դիրքի վրայ` դաշտ ներկայանալով մրցումի վերջին մասերուն:
Այսօրուան մեր մրցակից խումբը թուղթի վրայ «տկար» կը նկատուի եւ ունի 4 կէտեր` գրաւելով 7-րդ դիրքը: Հետաքրքրականը այն է, որ ան 1 հաւասարութիւն ունէր վերջին դիրքը գրաւող Հարաքեթ Շապապի դէմ մրցումէն առաջ (ուր յաղթեց 2-0 արդիւնքով): Թաուֆիրի հաւասարութիւնը Գ. հանգրուանին էր առաջին դիրքը գրաւող Ղատ Աֆտալի դաշտին վրայ: Այդ պատճառով է, որ թուղթի վրայ տկար խումբը կրնայ այլ պատկեր ունենալ դաշտին վրայ:
Դաշտին վրայ 90 վայրկեաններուն կրնաս ճնշել, իշխել գնդակին վրայ, բայց պզտիկ սխալի մը պատճառով կոլ ստանալ եւ պարտուիլ: Կարեւորագոյն բանը այն է, որ պէտք է լաւ պաշտպանուիլ, պարտադրել մրցակիցին սխալ գործել` ճնշելով անոր վրայ է եւ առիթներէն օգտուելով գրաւել անոր բերդը:
Նախապէս Իժթիմահի 7 անգամ գրաւած է Թաուֆիրի բերդը, եւ ատիկա այդքան ալ դժուար չէ ըստ երեւոյթին: Կարեւոր չէ կոլերու թիւը, կարեւորը 3 կէտերն են: Համակիրներէն կը սպասուի աշխուժ ըլլալ եւ դաշտ մեկնիլ` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը, որ կը պայքարի Բ. դասակարգ բարձրանալու:
Բ. խմբակին մակարդակը համեմատաբար շատ աւելի բարձր է, քան Ա. եւ Գ. խմբակներունը, ուր 2 կամ առաւելագոյնը 3 խումբեր կը պայքարին 2 դիրքերուն համար:
Առաջին խմբակէն Սալամ Սուր եւ Նահտա Այն Պաալ կը գրաւեն առաջին երկու դիրքերը` 4 կէտի առաւելութեամբ 3-րդ դիրքի խմբակին վրայ, մինչ Գ. խմբակին մէջ ՀՄԸՄ Շապապ Մաժտել Այնճար ի Լիուաա Սայտա կը պայքարին առաջին երկու դիրքերուն համար:
Բ. խմբակին մաս կազմող 6 խումբեր (1 յաղթանակ) կը պայքարին երկու դիրքերուն համար: Ղատ Աֆտալ (14 կէտ), ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (13), Իժթիմահի (13), Ահլի Սայտա (13), Ժալիլ Քանա (11) եւ Հորթ Ամելի (10) բուռն պայքար կը տանին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կը մնայ 3 կէտ շահիլ իր բոլոր մրցակիցներէն: