Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ- Շանվիլ 105-97 – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հինգշաբթի գիշեր ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը 105-97 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շանվիլը` բարձրանալով 5-րդ դիրքը:

ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը տարեշրջանին սկիզբը լաւ սկսելէ ետք բաւական անկայուն վիճակի մէջ կը գտնուի, մեծ մասամբ որովհետեւ կը փորձէ խաղաոճ փոխել` աշխատելով պաշտպանողականի վրայ:

Հարցը այն է, որ պաշտպանողական խաղը յարձակողականի փոխելը քիչ մը հարց կը ստեղծէ, երբ գնդակին տիրանանք` յաճախ պզտիկ սխալներ գործելով:

Առաջին մասը երկու խումբերուն համար զգուշաւոր էր այն պատճառով, որ նախ ՀՄԸՄ գիտէր, թէ մրցակիցը մեծ մասամբ օտարներուն վստահած էր, եւ լիբանանցիներու դէմ յստակ առաւելութիւն կար, բայց ՀՄԸՄ-ի տղաքը կ՛աշխատէին աւելի պաշտպանելու, քան յարձակելու, մինչ Շանվիլ սահմանափակ խումբով չէր կրնար իր մրցումի սկիզբի չնչին առաւելութիւնը (4 կէտ) պահել ՀՄԸՄ-ի աւելի փորձառու մարզիկներուն դիմաց:

Ինչպէս վերջերս, համակիրներն ալ կը շարունակեն հեռու մնալ թրիպիւններէն` մարզիկներուն ոգեւորելու եւ զանոնք քաջալերելու դերը ձգելով… շեփորախումբին եւ երիտասարդ սերունդին` տասնեակ մը հաւատարիմ համակիրներու կողքին:

Թայլըր Պէյ 32 կէտ նշանակեց 12 ռիպաունտներու կողքին եւ կատարեց 5 սթիլ, մինչ Ճորտըն Սթիվընզ 28 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց: Պէտք է ըսել, որ խումբը 3 կէտնոց կողովներու չվստահեցաւ կամ անիմաստ փորձեր չըրաւ եւ կարելի եղածին չափ քիչ թըրն-օվըրներ կատարեց:

Կապրիէլ Աճէմեան բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ 12 կէտ 8 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգելով, մինչ պահեստի մարզիկներէն Ազիզ Ապտել Մասիհ եւ Թանիոս Աքիքի համեմատաբար լաւ էին:

Շանվիլի լաւագոյն մարզիկն էր Քրիսթիան Հարվի, որ 21 կէտ եւ 7 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Խուլիօ Քլավըր իր կարգին 21 կէտ աւելցուց: Տարիըս Էկնիու 13 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Լիբանանցի Ռուտի Մասաատ 6 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ Սթիւ Ասսաֆ իր կարգին շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ:

ՀՄԸՄ-ի տղոց յաջորդ մրցումը Պէյրութի դէմ է,  երկուշաբթի օր ժամը 16:45-ին: Այս մրցումը յետաձգուած է 15-րդ հանգրուանէն: Յաղթանակի պարագային ՀՄԸՄ կրնայ բարձրանալ 3-րդ դիրք:

Leave a Comment