Ուրբաթ, 6 փետրուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Տանիէլ Քուրիէ եւ Պուլոս Սաֆար արքեպիսկոպոսները: Յանուն Աֆրամ Բ. պատրիարքին, այցելուները
միջեկեղեցական կարգ մը հարցեր վեհափառ հայրապետի ուշադրութեան յանձնեցին` ունենալու համար անոր տեսակէտը:
Միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող նիւթերու կարգին, վեհափառ հայրապետն ու արքեպիսկոպոսները արծարծեցին կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի հայ, ասորի եւ ղպտի եկեղեցիներու գործակցութեան առնչուած հարցեր:
Վեհափառ հայրապետը յիշեալ եւ այլ խնդիրներու գծով իր տեսակէտները յայտնեց Քուրիէ եւ Պուլոս արքեպիսկոպոսներուն` շեշտելով երկու եկեղեցիներուն պատմական գործակցութիւնը շարունակելու հրամայականը եւ միջեկեղեցական գործակցութեան նոր մղում եւ ծաւալ տալու կարեւորութիւնը` կեանքի ներկայ իրականութիւններու ու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: