Մասքաթի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ «Դրական Մթնոլորտով» Անուղղակի Բանակցութիւններ Եւ Զանոնք «Յարմար Ժամանակին» Շարունակելու Համաձայնութիւն

Երէկ Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ տեղի ունեցան Օմանի միջնորդութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններ:

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը նշեց. «Օմանի մէջ ներկայ բանակցութիւններուն նպատակը գոյացումն է հասարակաց ձեւաչափի մը, որ նախկին հինգ փուլերէն տարբեր յստակ ճամբու քարտէս կը մշակէ»:

Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թեհրան բանակցութիւններու ընթացքին պիտի ընդգծէ իւրանիոմը իր հողերուն վրայ հարստացնելու իր օրինական իրաւունքը եւ պիտի նշէ, թէ այդ հարցը կը նկատէ կարմիր գիծ:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր օմանցի պաշտօնակից Պատր Պուսահիտին ներկայացուցած է «Ուաշինկթընի հետ ներկայ կացութեան կառավարման եւ բանակցութիւնները յառաջ մղելու նախնական ծրագիր մը»: Ան ապա Միացեալ Նահանգներու հետ անուղղակի բանակցութիւններու ծիրին մէջ Պուսահիտիի հետ երկրորդ հանդիպում մը ունեցած է:

ԻՐՆԱ կը նշէ, որ Օմանի արտաքին գործոց նախարարը իրանեան ծրագիրը յանձնած է ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆին:

Լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իրանեան ծրագիրին ամերիկեան կողմի պատասխանը Իրանի պատուիրակութեան պիտի փոխանցուի բանակցութիւններու երկրորդ փուլին:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ երկրի արտաքին գործոց նախարարը բանակցութիւններու շարունակման նախապատրաստման համար իրանեան եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններուն հետ անջատ հանդիպումներ ունեցած է:

Արաղչի աւելի ուշ նշեց. «Մասքաթի բանակցութիւններուն ընթացքին մատնանշում կատարուեցաւ մեր շահերուն ու իրանցի ժողովուրդի իրաւունքներուն, եւ մթնոլորտը դրական էր»:

«Ընդհանուր առմամբ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի շարունակելու բանակցութիւնը: Ասիկա բանակցութեան լաւ սկիզբ է: Ներկայիս մեծ անվստահութիւն գոյութիւն ունի, եւ ատիկա բանակցութիւններուն մարտահրաւէր է», յայտնեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Եթէ այս երթը շարունակուի, ապա կրնանք յառաջիկայ նիստերու ընթացքին բանակցութիւններուն յստակ շրջագիծ գտնել», ըսաւ ան:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտարարեց. «Այսօր Մասքաթի մէջ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ միջնորդուած շատ լուրջ բանակցութիւններ տեղի ունեցան»:

«Օգտակար էր յստակացնել իրանեան եւ ամերիկեան տեսակէտները, ինչպէս նաեւ ճշդել յառաջընթացի կարելի ոլորտները», նշեց ան:

«Յարմար ժամանակին պիտի գումարուի այլ ժողով մը, եւ այսօրուան հանդիպման արդիւնքները ուշադիր կերպով պիտի ուսումնասիրուին Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի մէջ», յայտնեց օմանեան դիւանագիտութեան պետը:

 

Leave a Comment