Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ տագնպի լուծման կարգաւորման շուրջ նոր հանդիպումները կրնան տեղի ունենալ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«Յառաջիկային կը նախատեսուին յաջորդ հանդիպումները: Հաւանաբար Ամերիկայի մէջ», ըսած է Զելենսքի:
Չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցան Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններու երկրորդ փուլը` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:
Առաջին փուլը տեղի ունեցած էր 23-24 յունուարին Ապու Տապիի մէջ: Բանակցութիւնները ընթացած էին փակ ձեւաչափով, առանց մամուլի: