Ֆութսալ. Փորթուգալ Եւ Սպանիա Հասան Աւարտական

Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ Փորթուգալն ու Սպանիան:

Աշխարհի ֆութսալի դասաւորման 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը` Փորթուգալ եւ Սպանիա բարձր մակարդակի մրցումներ կ՛ունենան, եւ շատ հետաքրքրական աւարտական մը կը սպասէ շաբաթ օր, Լիուպլիանայի մէջ (Սլովենիա):

Եուրոն, որ սկսած էր Լաթվիոյ եւ Լիթուանիոյ մէջ, իր կիսաւարտականն ու աւարտականը Սլովենիա կը շարունակէ:

2022-ի ախոյեան Փորթուգալ 4-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ Ֆրանսայի վրայ, հակառակ անոր որ Ֆրանսա բացաւ մրցումին հաշիւը շնորհիւ Թուրէյի` 6-րդ վայրկեանին:

18-րդ եւ 19-րդ վայրկեաններուն Տիոկօ Սանթոշ եւ Թոմաշ Փաքօ փոխադարձեցին: 29-րդ վայրկեանին Էրիք Մենտոնքա եւ 35-րդ վայրկեանին Կետտուրա (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին ի նպաստ Փորթուգալի` դուրս ձգելով Ֆրանսան, որ 2024-ի Մոնտիալին նման կիսաւարտականին դուրս մնաց, Ֆրանսա, որ 2024-ի Մոնտիալին 4-րդ դիրքը գրաւած էր Ուքրանիոյ ետին, աշխարհի դասաւորման 10-րդ դիրքը կը գրաւէ:

Միւս կիսաւարտականին, Սպանիա դժուար յաղթանակ տարաւ Խրուաթիոյ վրայ 2-1 արդիւնքով: Սպանացիներ Փապլօ Ռոմերես,  Մելիատօ եւ Ռիվիլիոս (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին մրցումին երեք կոլերը: Այս յաղթանակը առիթ եղաւ Սպանիոյ, որ 10-րդ անգամ ըլլալով հասաւ Եուրոյի աւարտական, 8-րդ տիտղոսի կարելիութիւն ունենալով:

Խրուաթիա 2012-ի կիսաւարտականին նման պայքարեցաւ մինչեւ վերջ, բայց չկրցաւ հասնիլ կիսաւարտական:

Փորթուգալի համար կիսաւարտականի յաղթանակը 16-րդ յաջորդականն է եւ զտումի մրցումներու հետ 20-րդ յաջորդականը, որ մրցաշարքի մրցանիշ է:

Վաղուան աւարտական մրցումը երրորդ անգամ ըլլալով իրար դէմ պիտի հանէ Սպանիան եւ Փորթուգալը:

2010-ին Սպանիա 4-2 արդիւնքով կրցած էր յաղթել, իսկ 2018-ին Փորթուգալ 3-2 արդիւնքով յաղթած էր:

3-րդ դիրքի մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ Ֆրանսան եւ Խրուաթիան:

 

Leave a Comment