Արժանթինահայ 23 տարեկան թենիսմեն Վալերիօ Աբոյեան (թիւ 526) կը շարունակէ իր յաջող ելոյթները Էյ. Թի. Փի. Ռոզարիօ Չալենճըր մրցաշարքին:
Ան երկու սեթով 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց սպանացի Փետրօ Սանչես-Իսքերտոն (թիւ 279) եւ հասաւ քառորդ աւարտական:
Աբոյեանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Թայուանի Չուն Հսին Ցենկը (թիւ 122) թէեւ Վալերիոն տակաւին չէ հասած յայտնի արժանթինահայ թենիսմեն Տաւիտ Նալպանտեանի յաջողութիւններուն, բայց այս պահուն իր մարզավիճակով ան կրնայ մտնել աշխարհի լաւագոյն 200 թենիսմեններուն մէջ:
Նշենք, թէ անոր եղբայրը` Լէօ Աբոյեան (27 տարեկան) նոյնպէս արհեստավարժ թենիսմեն է (թիւ 994), բայց վերջին շրջանին աւելի հազուադէպ ձեւով կը մասնակցի միջազգային մրցաշարքերու: