Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականի 20 տարեկան մարզիկ Դանիէլ Կիրակոսեան անհաւատալի արդիւնք ձեռք ձգեց Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մէջ` մտնելով մրցանիշներու էջը:
Երեւանի բանակայիններու խումբի մարզիկ Կիրակոսեան 12 փորձերէն 7 յաջող 3 կէտնոց կողով նշանակեց, իսկ 33 փորձերէն 29 յաջող 2 կէտնոց կողով արձանագրեց` ձեռք ձգելով 84 կէտեր եւ օգնելով, որ իր խումբը 160-102 արդիւնքով յաղթէ Եու.Էս.Թայթընզ խումբին:
Կիրակոսեան ոչ միայն 84 կէտ նշանակեց, այլ ձեռք ձգեց 14 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ` իրագործելով նշանաւոր թրիփըլ-տապըլ մը: Այս մրցումը եղաւ Կիրակոսեանի ընդամէնը երրորդ մրցումը Երեւանի բանակայիններու խումբին հետ, բայց արդէն իսկ ան հայկական պասքեթպոլի պատմութեան անցաւ:
Այս յաջող ելոյթէն անմիջապէս ետք Դանիէլ Կիրակոսեան պայմանագիր ստորագրեց Ուրարտու խումբին հետ:
Այս փոխանցումը կրնայ լուրջ ազդեցութիւն ունենալ ախոյեանութեան պայքարին վրայ, որովհետեւ Կիրակոսեան արդէն իսկ ապացուցեց, թէ ան բարձրագոյն մակարդակով կրնայ ազդել խաղի ընթացքին վրայ: