«Էն Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, բայց մրցումներուն նման փոխանցումներու նիւթն ալ մեծ ուշադրութեան կեդրոն դարձաւ:
Տարի մը առաջ աղմուկ բարձրացուցած փոխանցումէն ետք, ուր Տալաս Մեւրիքսի սլովենիացի աստղ Լուքա Տոնչիչ միացած էր Լոս Անճելըս Լէյքըրզին, մինչ Անթոնիօ Տէյվիս հակառակ ուղղութեամբ գացած էր` միանալով Տալասին, այժմ Անթոնիօ Տէյվիս, Ճէյտըն Հարտի Տ՛Անճելօ Ռասըլ եւ Տանթէ Էքսըմ միացան Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին, մինչ Տալաս ձեռք ձգեց Քրիս Միտըլթընը, Էյ. Ճէյ. Ճոնսընը, Մալաքի Պրանհամը, Մարվըն Պեկլին եւ յաջորդող տարիներու նորեկ 3 մարզիկներ:
Աթլանթա Հոքս ձեռք ձգեց կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի Պատի Հիլտը եւ Ճոնաթըն Քամինկան, մինչ Հոքսի մարզիկ Քրիսթափս Փորզինկիս միացաւ Ուորիըրզին:
Շիքակօ Պուլզի մարզիկներ Քոպի Ուայթ եւ Մայք Քոնլի միացան Չարլոթ Հորնեթցին, փոխարէն ստանալով Քոլին Սեքսթընը եւ Օսման Տիենկը (Օքլահոմայէն): Օքլահոմա ձեռք ձգեց Մէյըսն Փլամլին (Չարլոթէն):
Ինչ կը վերաբերի մրցումներուն, Նիւ Եորք Նիքս պէտք ունեցաւ երկարաձգման` յաղթելու 134-127 արդիւնքով: Ճէյլըն Պրանսըն 42 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Եորքի, մինչ Նիքոլա Եոքիչ 30 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տենվըր Նակեթցի:
Ստորեւ` կարեւորագոյն արդիւնքները.
Նիւ Եորք Նիքս – Տենվըր Նակեթց 134-127
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մինեսոթա Թեմպըրվուլվզ 126-128
Հիուսթըն Ռոքեթց – Պոսթըն Սելթիքս 93-114
Միլուոքի Պաքս – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 141-137
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 116-106
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 125-129
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 91-124