«Ժամկէտներէն պիտի չշեղինք, մարտին պիտի ունենանք նոր Սահմանադրութեան բնագիր, որ ենթակայ պիտի ըլլայ հրապարակման», այս մասին երէկուան մամլոյ ասուլիսին իր ներածական խօսքին մէջ յայտարարեց Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան` առանց այլ մանրամասնութիւններ յայտնելու:
Նախարարը աւելի կանուխ ալ ըսած էր, որ նոր Սահմանադրութեան բնագիրը պէտք է պատրաստ ըլլայ մարտին` այսինքն մէկ ամիսէն:
Նոր Սահմանադրութիւն ունենալու որոշումէն ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ անոր բնագիրին մէջ Անկախութեան հռչակագիրին յղում պէտք չէ ըլլայ, յստակօրէն շեշտելով, որ ատիկա իր քաղաքական դիրքորոշումն է:
Պաքու կը հրաժարի ստորագրել հայ- ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրը, քանի տակաւին Մայր օրէնքի նախաբանէն չէ հեռացուած յղումը Անկախութեան հռչակագիրին, ուր Լեռնային Ղարաբաղի ու Հայաստանի միաւորման մասին յիշատակում կայ: Սա Պաքուի գնահատումով Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջ է:
Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը վճռած էր, որ Անկախութեան հռչակագիրը իրաւական նշանակութիւն չունի եւ այլ երկիրների նկատմամբ տարածքային պահանջներ չի բովանդակեր: